Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպում. Պըրրի. «Մենք Հրահանգ Կու Տանք Անձնասպան Ըլլալու, Բայց Ոչ` Կիրքերը Հրահրելու»

December 19, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին վերահաստատեցին իսլամներու միասնականութիւնը` ազգային միասնականութեան եւ լիբանանցիներու միասնականութեան ծիրին մէջ, շեշտելով կիրքերու հրահրումի ծուղակին մէջ իյնալէ զերծ մնալու կարեւորութիւնը:

Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումը: Հանդիպման ընթացքին Պըրրի յայտնեց. «Մենք հրահանգ կու տանք անձնասպան ըլլալու, բայց ոչ` կիրքերը հրահրելու»: Ան նախազգուշացուց դառն իրականութենէն, վախ պատճառող տեսարաններէն եւ համայնքային կարգախօսներէն` կոչ ուղղելով ապահովական ուժերուն հետապնդելու համայնքային կիրքեր հրահրողները եւ խթանողները: Պըրրի վստահեցուց, որ չկայ քաղաքական եւ կազմակերպչական ծածկոյթ բոլոր անոնց վրայ, որոնք կը վնասեն քաղաքացիական միասնականութեան եւ խաղաղութեան:

Ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան հարցին, Պըրրի ընդգծեց, որ կառավարութեան հարցը դարձած է գոյութենական խնդիր, որուն պէտք է մօտենալ զոհողութիւններ կատարելով: Ան աւելցուց, որ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն բնական տեղը սահմանադրական կառոյցներն են եւ ոչ թէ ճամբաները եւ հրապարակները: Ան բոլորին կոչ ուղղեց հրաժարելու յետաձգման, յամառութեան եւ ժխտումի քաղաքականութիւններ վարելէ, ինչպէս նաեւ աշխատելու ազգային պատասխանատուութեամբ վերացնելու արգելք հանդիսացող բոլոր գործօնները եւ չթերագնահատելու կացութեան լրջութիւնը, եթէ հարցերը այսպէս մնան:

Հանդիպման ընթացքին երեսփոխանները արտայայտեցին կրօնական անձնաւորութիւններու հասցէին լուտանքներ արձակելու դէմ իրենց մերժումը` վերահաստատելով, որ խօսքի ազատութիւնը կը հակասէ լիբանանցիներուն մէջ բախումներ ստեղծելու փորձերուն:

Պըրրի – Ֆըրզլի Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի հետ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը, որ սկիզբ պիտի հանդիսանայ լուծումներ գտնելու երկրին դիմագրաւած տագնապներուն: Ֆըրզլի շեշտեց վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններ կայացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ պարտաւորութիւնը:

Ֆըրզլի յոյս յայտնեց, որ յաջորդող ժամերը պիտի ըլլան վճռորոշ` կառավարութեան կազմութեան համար: Ան նշեց, որ կայ ամբողջական զգօնութիւն բոլոր այն փորձերուն դէմ, որոնք կը միտին կիրքեր հրահրել եւ համայնքներուն միջեւ բախումներ յառաջացնել:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենա՞ն ճշդուած թուականին, Ֆըրզլի ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահը այդպէս յայտարարած է եւ ի վերջոյ ան է որոշողը այս ծիրին մէջ:

 

Նախորդը

Ներկայութեամբ Գործակից Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն. Դոկտոր Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան Հրապարակեց Լիբանանի Աշխատաւորական Եւ Ապրուստի Իրավիճակին Գծով Կատարուած Վիճակագրութեան Արդիւնքները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Սարհանը Եւ Մըշլեպը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.