Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսա կը կարծէ՞, որ Հասսան Տիապի վարչապետ նշանակումը պիտի դիւրացնէ անհրաժեշտ բարեկարգումները` ստանալու համար միջազգային դրամական օժանդակութիւնները, ըսաւ, որ Ֆրանսա իրաւունք չունի մեկնաբանելու լիբանանեան ապագայ կառավարութեան վերաբերող հարցեր:
Բանբերը աւելցուցած է, որ ատիկա պէտք է կատարեն լիբանանցի պատասխանատուները` նկատի առնելով բոլոր լիբանանցիներուն ընդհանուր շահը: Ան շեշտած է, որ միակ չափանիշը այս կառավարութեան պէտք է ըլլայ ժողովուրդին ակնկալած բարեկարգումները կատարելու անոր ունակութիւնը:


