Լիբանանեան

Քանաան. «2020-ի Պետական Ամավարկը  Սկզբունքով Վաւերացուած Է` Բազմաթիւ  Բարեփոխումներով»

Քանաան. «2020-ի Պետական Ամավարկը Սկզբունքով Վաւերացուած Է` Բազմաթիւ Բարեփոխումներով»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի գումարեց 2020-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ  յանձնախումբը սկզբունքով վաւերացուցած է 2020-ի պետական ամավարկը` նկատի ունենալով բազմաթիւ բարեփոխումներ: Քանաան նշեց, որ 2020-ի պետական ամավարկին կրճատումները կը հասնին 1000 միլիառ լ....

«Լուլու» Ձիւնամրրիկը Պիտի Շարունակէ  Հարուածել Լիբանանը

«Լուլու» Ձիւնամրրիկը Պիտի Շարունակէ Հարուածել Լիբանանը

«Լուլու» ձիւնամրրիկը երեքշաբթի գիշեր սկսաւ հարուածել Լիբանանը: Ան պատճառեց նիւթական վնասներ` տրուած ըլլալով, որ անոր ընկերակցած էին ուժեղ քամի, յորդառատ անձրեւներ, եւ առատ ձիւն` բարձունքներուն վրայ: Երկրին հիմնական ճամբաները ողողուեցան անձրեւներու եւ կոյուղիներու ջուրով, ինչ որ սաստիկ երթեւեկի խճողում պատճառեց Խալտէի, օդակայանի ճամբուն, Տըպպայէի, Տորայի եւ Ճիւնիի մէջ: Հինգշաբթի օր ծովու մակերեսէն 1400 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տեղաց: Պէյրութի մէջ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան.  «Կը Պահանջենք Օրէնքի Գործադրութիւնը»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կը Յուսանք, Որ Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դրուի Կազմելու Համար Աշխուժ Կառավարութիւն Մը»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ յոյս յայտնուեցաւ, որ Լիբանան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած ներկայ տագնապը` իր էութիւնը փոթորկեցուցած տագնապը լուծել կարենալու համար: «Կը մաղթենք, որ ամէն ջանք ի գործ դրուի կազմելու համար աշխուժ եւ արդիւնաբեր կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն ատակ անձնաւորութիւններ եւ մասնագէտներ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: Հաւատարմութիւն...

Վարչապետ Հարիրի Փարիզի Մէջ  Ենթարկուեցաւ Վիրահատութեան

Սաատ Հարիրի. «Պըրրի Լաւ Գիտէ, Որ Կրակի Հետ Չեմ Խաղար, Իսկ Յաջորդ Կառավարութիւնը Պասիլի Կառավարութիւնը Պիտի Ըլլայ»

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ օր լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ յաջորդ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի կառավարութիւնը` աւելցնելով, որ ինք չի փափաքիր նախագահել որեւէ կառավարութեան, որուն մէջ Պասիլը կ՛ըլլայ: Ան նշեց, որ ինք չի կրնար գործել այնպիսի անձնաւորութեան մը հետ, որ միշտ յարձակողական է իրեն հանդէպ` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 25 եւ հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2019-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին:

ՀՅԴ-ի Թեկնածու Պետրոս Գուլաճեան`  Պէյրութի Թաղապետներու Լիկայի Անդամ

ՀՅԴ-ի Թեկնածու Պետրոս Գուլաճեան` Պէյրութի Թաղապետներու Լիկայի Անդամ

Կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին տեղի ունեցան  Պէյրութի թաղապետներու լիկայի ընտրութիւնները: 107 թաղապետներէն 101-ը իրաւունք ունէին ընտրութեանց մասնակցելու, իսկ անոնցմէ քուէարկեցին միայն 91-ը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան թեկնածուն` թաղապետ Պետրոս Գուլաճեան ստացաւ 84 քուէ եւ վերընտրուեցաւ Պէյրութի թաղապետներու լիկայի անդամ:  

Տիապ Ընդունեց Քաղաքացիական Ծառայութեան  Խորհուրդի Յաջողածները  Եւ Պաշտօններու Դիմում Կատարածները

Տիապ Ընդունեց Քաղաքացիական Ծառայութեան Խորհուրդի Յաջողածները Եւ Պաշտօններու Դիմում Կատարածները

Նոր նշանակուած վարչապետ դոկտ. Հասսան Տիապ երէկ Թալլեթ Խայեաթի մէջ ընդունեց մաքսային պահակներու եւ հսկիչներու մրցումին յաջողածներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որուն արդիւնքները հրապարակուած էին 21 յունիս 2019-ին եւ որոնց թիւը կը հասնէր 853-ի: Անոնք այդ մրցումին մասնակցած էին 2014 թուականին, սակայն մինչեւ այսօր անոնց պաշտօնի նշանակման հրամանագիր չէ հրապարակուած: Վարչապետ Տիապ շեշտեց անոնց պահանջներուն արդարացիութեան վրայ` հաստատելով, որ այս հարցին...

Ռայա Հասան Պէյրութի Կազմակերպութիւններուն Հետ  Քննարկեց Ընկերային Եւ Կենցաղային Հարցերը

Ռայա Հասան Պէյրութի Կազմակերպութիւններուն Հետ Քննարկեց Ընկերային Եւ Կենցաղային Հարցերը

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան ընդունեց Պէյրութի կազմակերպութիւններու միութեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ընդհանուր համակարգող Հուտա Հոմսիի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի բնակիչներուն վերաբերող ընկերային ու կենցաղային հարցերը եւ անոնց տագնապը այս դժուար փուլին: Անոնք նաեւ քննարկեցին ներկայ ապահովական կացութիւնը եւ Պէյրութի քաղաքապետարանին ու շրջանին միջեւ կապերու ամրապնդման ձեւերը:  

Հարիրիի Տեղեկատուական Գրասենեակ.  «Քամաթիի Վերագրուող Յայտարարութիւնները  Զերծ Են Իրականութենէ»

Հարիրիի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Քամաթիի Վերագրուող Յայտարարութիւնները Զերծ Են Իրականութենէ»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Նիտա Ուաթան» թերթը հրապարակած է նախարար Մահմուտ Քումաթիի յայտարարութիւնը` կառավարութեան կազմութեան համար նշանակուած Հասսան Տիապի վերաբերեալ Սաատ Հարիրիի դիրքորոշումին մասին: Տեղեկատուական գրասենեակը կը հաստատէ, որ նախարար Քումաթիին վերագրուող այդ տեղեկութիւնները զերծ են իրականութենէն, եւ եթէ նոյնիսկ ճիշդ են, ապա ոչինչ արգելք կը հանդիսանար Հարիրիին եւ Մուսթաքպալ հոսանքի պլոքին` անուն առաջադրելու կամ...

Երեքշաբթի, 19 Յունիսին.  Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կանչէ Իր Մօտ` Հետաքննութեան Համար

Մոհամետ Ֆընէյշ. «Յաջորդ Կառավարութիւնը Կարիք Ունի Քաղաքական Ծածկոյթի»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար ՄոհամԵտ Ֆընէյշ Հըզպալլայի կազմակերպած ձեռնարկի մը ընթացքին շեշտեց, որ երկիրը կարիք ունի տեսլական եւ փրկութեան ծրագիր ունեցող կառավարութեան մը, որ ունի ներդաշնակ եւ արդիւնաւէտ կարողութիւններ, որոնք կը գործեն այդ տեսլականին համաձայն եւ նոր ոգիով: Ան ընդգծեց, որ կարելի չէ վերադառնալ անցեալի ոգիին եւ մտածելակերպին, որ կ՛ենթադրէ խանգարել ծրագիրներ եւ պարտաւորութիւններ, քանի որ օգտուող չկայ այդ...

Ժըպրան Պասիլ – Լուիճի Տի Մայօ Հանդիպում

Ժըպրան Պասիլ – Լուիճի Տի Մայօ Հանդիպում

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց իր իտալացի գործընկերը` Լուիճի Տի Մայոն, որ քննութեան այցելութիւն կը կատարէր հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած իտալական ուժերուն, որոնք կը գործեն արտակարգ ուժերու ծիրին մէջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Միջին Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումները:

Յարձակում` Ազգային Ազատ Հոսանք  Կուսակցութեան Էշրեֆիէի Կեդրոնին Վրայ

Յարձակում` Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Էշրեֆիէի Կեդրոնին Վրայ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուութեան կեդրոնական յանձնախումբը նշեց, որ երէկ հաւկիթներով, աղբերով եւ կերպընկալէ շիշերով յարձակում գործուած է կուսակցութեան Պէյրութ Ա. շրջանի դատական մարմինի կեդրոնին վրայ, որ կը գտնուի Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ: Ատիկա պատճառ դարձած է ճանճերու եւ մուկերու թիւի աճին, ինչ որ դատապարտուած է Պէյրութի բնակիչներուն կողմէ: Կուսակցութեան տեղեկատուութեան կեդրոնական յանձնախումբը դատապարտեց բարոյականութեան եւ հանրային առողջութեան եւ շրջակայ...

Պու Սաապ Դատապարտեց Իսրայէլեան Օդուժի Խախտումները

Պու Սաապ Դատապարտեց Իսրայէլեան Օդուժի Խախտումները

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապ կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Լիբանանեան բանակի զեկուցումէն տեղեկացայ երէկ Լիբանանի օդային տարածքին մէջ տեղի ունեցած իսրայէլեան յարձակողական խախտումներուն մասին, որոնք կը թիրախաւորէին Սուրիան` լիբանանեան օդային տարածքին միջոցով: Այս կոպիտ յարձակումը դատապարտելի է, եւ ես կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային ընտանիքին արգելք հանդիսանալու Լիբանանի գերիշխանութեան վրայ նման կրկնուող յարձակումներուն եւ գնահատելու անոնց վտանգի աստիճանը»:

Հասսան Տիապ Կը Նպատակադրէ Կազմել  Անկախօրէն Գործող Սեղմ  Կառավարութիւն Մը

Հասսան Տիապ Կը Նպատակադրէ Կազմել Անկախօրէն Գործող Սեղմ Կառավարութիւն Մը

Իր նշանակումէն 48 ժամ ետք, նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ շաբաթ օր խորհրդարանին մէջ կատարեց կառավարութեան կազմութեան ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանը կազմող քաղաքական բոլոր պլոքներուն եւ անհատ երեսփոխաններուն հետ: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 կատարուած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, Տիապ հանդիպեցաւ բոլորին հետ եւ իմացաւ անոնց տրամադրութիւնը` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով: Խորհրդակցութիւններէն ետք Տիապ...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոք.  «Կը Պահանջենք Պետութեան Նկատմամբ Քաղաքացիին,  Յատկապէս Երիտասարդութեան  Վստահութիւնը Վերականգնել»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական Երեսփոխանական Պլոք. «Կը Պահանջենք Պետութեան Նկատմամբ Քաղաքացիին, Յատկապէս Երիտասարդութեան Վստահութիւնը Վերականգնել» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Կառավարութեան կազմութեան նպատակով վարչապետ Հասսան Տիապի հետ խորհրդարանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր կարգին հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ: Հանդիպումէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետէն խնդրած են արագօրէն կազմել կառավարութիւնը, որովհետեւ Լիբանանն ու լիբանանցիները սպասելու ժամանակ չունին: «Անհրաժեշտ նկատեցինք երկրին եւ ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական,...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւն. «Լիբանանցի Պատասխանատուներէն  Պահանջեցինք Կուսակցական Շահերը Մէկդի Դնել»

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Լիբանանցի Պատասխանատուներէն Պահանջեցինք Կուսակցական Շահերը Մէկդի Դնել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ շաբաթավերջին շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը` հանդիպումներ ունենալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Հէյլ այցելեց Պասիլի բնակարանը, ուր  քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հէյլ-Պասիլ երկարատեւ` աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առաւելագոյն չափով լաւ...

Խալաֆ. «Յաջորդ Կառավարութիւնը Պէտք Է  Մարդ Արարածը Նկատէ Իր Կարեւորագոյն  Առաջնահերթութիւնը»

Խալաֆ. «Յաջորդ Կառավարութիւնը Պէտք Է Մարդ Արարածը Նկատէ Իր Կարեւորագոյն Առաջնահերթութիւնը»

Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆ տասնեակ մը այլ իրաւաբաններու ընկերակցութեամբ երէկ այցելեց Լիբանանի տարածքին գտնուող տարբեր բանտեր ու արգելարաններ` ստուգելու համար այն պայմանները, որոնց մէջ կը գտնուին բանտարկեալները: Ռումիէի բանտ կատարած իր այցելութենէն ետք Խալաֆ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրաւաբանը պիտի ըլլայ լիբանանեան ընկերութեան առաջին ծառան: «Այս այցելութիւնը եղաւ առիթ մը` իմանալու արգելափակեալներուն ամէնօրեայ տառապանքներուն մասին: Անհրաժեշտ է, որ բոլորը...

Ռայի Պատրիարքը Ամին Ժեմայէլի Հետ  Քննարկեց Երկրին Իրավիճակը

Ռայի Պատրիարքը Ամին Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրավիճակը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահելէ ետք կիրակի օրուան պատարագին, ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները կ՛ապրին ողբերգական իրավիճակ մը, որ կարելի է դիմագրաւել միայն լիբանանեան միասնականութեամբ: Ան մաղթեց, որ նոր վարչապետի նշանակումը ըլլայ արդիւնաբեր ելք մը` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած լուրջ տագնապը: Ժեմայէլ...

Նշանակուած Վարչապետ Հասսան Տիապ  Այցելեց Նախկին Վարչապետներուն

Նշանակուած Վարչապետ Հասսան Տիապ Այցելեց Նախկին Վարչապետներուն

Նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ունեցաւ արարողակարգային բնոյթի հանդիպումներ` նախկին վարչապետներուն հետ: Տիապ երէկ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որմէ ետք ան յայտարարեց, որ Հըս իւրայատուկ վարչապետ էր, որ յատկանշուեցաւ իր անաչառութեամբ եւ իւրայատուկ աշխատանքով: Ան աւելցուց, որ Հըս իբրեւ օրինակ կը ծառայէ բոլոր անոնց, որոնք կը ձգտին քաղաքական գործեր ստանձնել: «Մենք այս փուլին հասանք 30...

Քորնիշ Մազրաան Երէկ Գիշեր Վերածուեցաւ  Քաղաքացիներուն Եւ Բանակին Միջեւ  Արձանագրուած Բուռն Բախումներու Ճակատի

Քորնիշ Մազրաան Երէկ Գիշեր Վերածուեցաւ Քաղաքացիներուն Եւ Բանակին Միջեւ Արձանագրուած Բուռն Բախումներու Ճակատի

Վարչապետ Հասսան Տիապի նշանակումը մերժող քաղաքացիներ, որոնք հիմնականին մէջ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետեւորդներն ու համակիրներն էին, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին փակեցին Վերտանի ճամբան: Լիբանանեան բանակը, որ կը գտնուէր շրջանին մէջ, փորձեց վերաբանալ ճամբան, ինչ որ պատճառ դարձաւ իր եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներու: Մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00 բախումները մնացին սահմանափակ եւ հակակշռուած: Սակայն աւելի ուշ այդ բախումները ստացան բուռն բնոյթ:...

Page 522 of 988 1 … 521 522 523 … 988

Արխիւներ