Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան Եւ Շէյխ Տըրիան Կոչ Ուղղեցին Պայքարելու Համայնքային Եւ Յարանուանական Հրահրումներ Պատճառող Իւրաքանչիւր Կասկածելի Արարքի Դէմ

Դեկտեմբեր 19, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ստացաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանէն: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը: Քապալան եւ Տըրիան կարեւոր նկատեցին ազգային բաղադրիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը եւ խորհրդակցութիւնը ամրապնդելու ուղղուած ջանքերը, լիբանանցիներուն միջեւ գոյակցութեան հաստատումը եւ Լիբանանի թշնամիներուն հրահրած ոտնձգութիւններուն խստօրէն դիմակայելը: Անոնք բոլորին կոչ ուղղեցին զերծ մնալու վէճերէ, դատապարտելու եւ պայքարելու համայնքային եւ յարանուանական հրահրումներ պատճառող իւրաքանչիւր կասկածելի արարքի դէմ: Շեշտուեցաւ նաեւ, որ իսլամական միասնականութիւնը պահպանելը իսլամներուն համար կրօնական պարտաւորութիւն է, յատկապէս Լիբանանի մէջ, ուր կայ ազգային միասնականութիւն, որ անձեռնմխելի դարձած է լիբանանցիներուն աջակցութեամբ եւ հասկացողութեամբ, եւ կ՛օգնէ դիմակայելու դժուարութիւնները, որոնք արգելք կը հանդիսանան ազգային ուղիին:

Միւֆթի Տըրիան – Ֆուատ Մախզումի Հանդիպում

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց Տար Ֆաթուային վերաբերող հարցեր եւ երկրին ընդհանուր կացութիւնը:

Միւֆթի Տըրիան ընդգծեց, որ Տար Ֆաթուան կրօնական ու ազգային կառոյց է եւ կ՛ընդունի ընդհանուր առմամբ բոլոր լիբանանցիները եւ մասնաւորաբար սիւննի համայնքին զաւակները: Ան նաեւ հաստատեց, որ վարչապետին անձը պիտի որոշուի խորհրդակցութիւններուն միջոցով` նշելով, որ Տար Ֆաթուային դռները բաց են որեւէ նոր վարչապետի առջեւ: Ան յոյս յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները կը կատարուին ճշդուած ժամկէտին:

Մախզումի անընդունելի նկատեց լուտանքներ արձակել Տար Ֆաթուային եւ միւֆթիին հասցէին, որ, ըստ անոր, յստակ եւ անկեղծ էր իր դիրքորոշումին մէջ, երբ ըսաւ, որ ինք հայր է սիւննի համայնքի բոլոր զաւակներուն եւ չունի որեւէ ընտրանք վարչապետի անձին գծով: Մախզումի յայտնեց, որ Տար Ֆաթուան չի քուէարկեր խորհրդարանին մէջ` ընդգծելով, որ ատիկա կրօնական եւ ազգային կառոյց է, որ կ՛ուզէ համաձայնութեան գոյացումը վարչապետի նշանակման գծով:

Մախզումի հաստատեց, որ երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական սուր տագնապ, յատկապէս` ամերիկեան տոլարի տագնապին լոյսին տակ: Ան աւելցուց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր տակաւին կ՛որդեգրեն «կա՛մ մենք, կա՛մ քաոսը եւ համայնքային ու յարանուանական կիրքերու հրահրումը» կարգախօսը:

Ան գնահատեց ժողովրդային շարժումի մասնակիցները, որոնք զգօնութեամբ կը վարուին անկարգութիւններուն հետ: Մախզումի ընդգծեց, որ օտար պետութիւնները Լիբանանին կոչեր կ՛ուղղեն կազմելու կարճաժամկէտ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն, որ քաղաքական խաւէն անկախ պիտի ըլլայ եւ պիտի աշխատի փակելու մսխումի աղբիւրները, պայքարի փտածութեան դէմ եւ վերադարձնէ թալանուած գումարները, որպէսզի դրամական օգնութիւն ստանայ:

 

Ան դիտել տուաւ, որ ժողովրդային շարժումը կը մերժէ ներկայ քաղաքական խաւի վերադարձը իշխանութեան ղեկին` բացատրելով, որ այդ խաւին վերադարձը կը նշանակէ, որ Լիբանան պէտք չունի միջազգային ընտանիքի աջակցութեան, ինչ որ սխալ է:

Ան սխալ նկատեց այն տեղեկութիւնը, որ միւֆթին որոշ անձի մը կ՛աջակցի վարչապետի պաշտօնին համար:

Անդրադառնալով Սամիր Խաթիպի հետ վերաբերմունքի հարցին` Մախզումի նշեց, որ Խաթիպին նկատմամբ սխալ վերաբերմունք ցուցաբերուեցաւ:

 

 

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք վարչապետի թեկնածո՞ւ է, Մախզումի հերքեց այս լուրը` նշելով, որ ինք ունի տնտեսական փրկարարական ծրագիր, եւ այն անձը, որ ունի տնտեսական փրկարարական տեսլական, ապա ինք պիտի կանգնի անոր կողքին: Ան նշեց, որ միակ առաջադրուած անունը Սաատ Հարիրիին անունն է, որուն ինք պիտի չքուէարկէ եւ պատրաստ չէ առաջադրելու որեւէ անուն, որ կը գտնուի իշխող խաւին մէջ 90-ական թուականներէն ի վեր:

Անդրադառնալով շիիական երկու քաղաքական ուժերուն հետ հաղորդակցութեան, որպէսզի զինք առաջադրեն իբրեւ անցումային կառավարութեան համաձայնեցուած վարչապետ, Մախզումի հաստատեց, որ բոլորին հետ հաղորդակցութիւնը կը կատարուի խորհրդարանին մէջ, եւ այն ինչ որ կը շրջանառուի, ցոյց կու տայ, որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի ընտրանքը Սաատ Հարիրին է:

 

Նախորդը

Միքաթի Եւ Տերուիշ Դատապարտեցին Թրիփոլիի Եւ Հիւսիսային Լիբանանի Միւֆթիին Տան Վրայ Կատարուած Յարձակումը

Յաջորդը

Ամալ Եւ Հըզպալլա. «Կը Նախազգուշացնենք Անկարգութիւններէ Եւ Վայրագութեան Գործողութիւններէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?