Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանը` ներկայութեամբ տիւրզի համայնքի դատաւոր շէյխ Ղանտի Մաքարեմի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ ընդհանուր լիբանանեան կացութիւնը` իր բոլոր կողմերով:
Հանդիպումէն ետք շէյխ Հասան յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ընդհանուր կացութեան, որ վտանգաւոր դարձած է եւ աննախընթաց իրադարձութիւն մըն է անկախութենէն ի վեր: Կողմերը ընդգծած են, որ պատասխանատուները պէտք է զոհողութեան դիմեն եւ լրջօրէն մտիկ ընեն ժողովրդային պահանջներուն ու աճապարեն կառավարութիւնը կազմելու: Շէյխ Հասան յայտնեց, որ իրենք նաեւ դատապարտած են բախումի պատճառ դարձող որեւէ արարք կամ կրօնական որեւէ կողմի ուղղուած նախատինք:



