Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման հաստատեց, որ լիբանանեան Սահմանադրութիւնը, աշխարհի այլ օրէնքներու նման, քաղաքացիին իրաւունք տուաւ դրսեւորելու խօսքի ազատութեան իրաւունքը:
Զօր. Օսման բացատրեց, որ խորհրդարանի 1990 թուականի թիւ 17 օրէնքը վաւերացուեցաւ` կարգաւորելու համար Ներքին ապահովութեան ուժերու աշխատանքը եւ անոնց հիմնական պարտականութիւնները: Ան աւելցուց, որ այս օրէնքը Ներքին ապահովութեան ուժերը դրաւ մեծ պատասխանատուութեան առջեւ` երկրին եւ քաղաքացիին հանդէպ, ներառեալ ազատութիւններու պաշտպանութիւնը օրէնքի ծիրին մէջ: Ըստ Օսմանի, ազատութեան իրաւունքի կիրարկումը ենթակայ է վերահսկողութեան, որպէսզի մնայ խաղաղ բնոյթի սահմաններուն մէջ եւ չշրջանցէ ուրիշներուն ազատութիւնը կամ խախտէ ուրիշներուն այդ իրաւունքը դրսեւորելու իրաւունքը: Զօր. Օսման ընդգծեց, որ տարիներէ ի վեր կ՛աշխատին իրենց անդամներուն ցուցմունքներ տալու եւ մարզելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուին ցուցարարներուն հետ, որոնք խաղաղ ձեւով իրենց կարծիքը կ՛արտայայտեն, եւ ինչպէ՛ս վարուին խռովարարներուն եւ հարցեր ու քաոս ստեղծողներուն հետ:
Զօր. Օսման շեշտեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու անդամին կը բացատրուին իր պարտաւորութիւնները եւ օրինական իրաւունքները` նշելով, որ անդամը պէտք է պահպանէ ապահովութիւնը եւ կարգը, պահպանէ հանրային ազատութիւնները, յարգէ մարդկային արժանապատուութիւնն ու մարդու իրաւունքները, եւ այս բոլորը` օրէնքի ծիրին մէջ:
Զօր. Օսման ընդգծեց, որ թոյլ չտալու համար, որ խօսքի ազատութեան իրաւունքը դառնայ բացարձակ եւ զերծ մնայ սահմանափակումներէ, օրէնքը Ներքին ապահովութեան ուժերու անդամները իրաւասու կը դարձնէ կատարելու միջամտութիւններ` դադրեցնելու ապահովութեան եւ կարգ ու կանոնին վնաս հասցնող գործերը: Ան աւելցուց, որ այդ բոլորին զուգահեռ կ՛երաշխաւորուին քաղաքացիներուն իրաւունքները:
«Իւրաքանչիւր իշխանութիւն ունի իր աշխատանքը եւ իրաւասութիւնները, ինչպէս իւրաքանչիւր հաստատութիւն ունի իր աշխատանքը եւ իրաւասութիւնները: Եթէ իւրաքանչիւրը կատարէ իր պարտականութիւնները, այդտեղ աշխատանքը կը կարգաւորուի: Պէտք է իւրաքանչիւր քաղաքացի կատարէ իր պարտաւորութիւնները եւ յանձնառու մնայ իր իրաւունքներու եւ իրաւասութիւններու սահմաններուն: Բժիշկը ճարտարագէտ չէ, քաղաքական գործիչը զինուորական չէ, լրագրողը ապահովական մարզի անդամ չէ, եւ ապահովական ու զինուորական մարզի անդամները քաղաքական գործիչներ չեն: Եթէ Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր անձ դադրի մասնագէտ ըլլալէ բոլոր նիւթերուն մէջ եւ կատարէ միայն իր գործը, ապա աշխատանքը, կառոյցները եւ հասարակութիւնը կը կարգաւորուին եւ պետութիւնը կը հիմնուի ամուր հիմերու վրայ` իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու ընդմէջէն», ընդգծեց զօր. Օսման:
«Մենք օրէնքի մարդիկ ենք եւ կը գործենք անոր ծիրին մէջ: Մենք մեզի կը զոհաբերենք գործադրելու օրէնքը, որպէսզի մեր երկիրը մնայ ապահով», շեշտեց զօր. Օսման:



