Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէյվիտ Հէյլ Լիբանանցի Ղեկավարներուն Յորդորեց Բարեկարգումներ Կատարել

Դեկտեմբեր 21, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Տէյվիտ Հէյլ երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ:

Տէյվիտ Հէյլ երէկ կէսօրին այցելեց Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Նախագահ Աուն ամերիկացի պաշտօնակատարին ըսաւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը սկսած է հինգշաբթի երեկոյեան` նոր վարչապետի նշանակումով: Հանրապետութեան նախագահը բացատրեց, որ այս կառավարութիւնը ունի բազմաթիւ պարտականութիւններ, որոնց մէջ առաջնահերթ է բարեկարգումներու գործադրութիւնը` շնորհիւ համերաշխ կառավարութեան մը կազմութեան, որ պիտի յաջողի երկիրը դուրս բերել տնտեսական եւ քաղաքական այս դժուար կացութենէն: Ան յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը մասնակցին Լիբանանի օժանդակող երկիրներու համախմբումի աշխատանքներուն` բարձր գնահատելով մասնաւորաբար լիբանանեան բանակին յատկացուած ամերիկեան օժանդակութիւնը:

Անդրադառնալով շարունակուող ժողովրդային շարժումին` նախագահ Աուն հաստատեց խօսքի ազատութեան իրաւունքը, միեւնոյն ժամանակ օրէնքներուն հակասող նկատելով ճամբաները փակելը եւ քաղաքացիներուն երթեւեկը արգիլելը: Հանրապետութեան նախագահը աւելցուց, որ ինք աջակցած է շարժումի պահանջներուն եւ անոր ներկայացուցիչները հրաւիրած է երկխօսութեան, որուն համար տակաւին արձագանգի կը սպասէ: Նախագահ Աուն նաեւ ընդգծեց, որ ինք կը շարունակէ փտածութեան դէմ պայքարը, որ սկսած է 3 տարիէ ի վեր:

Նախագահ Աուն նոյնպէս անդրադարձաւ Լիբանանի յանձնառութեան` հարաւային սահմանի կայունութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին նկատմամբ, Լիբանանի գերիշխանութեան ոտնակոխում նկատելով յունական նաւուն լիբանանեան շրջանային ջուրեր մուտքը: Այս առնչութեամբ նախագահ Աուն խնդրեց Միացեալ Նահանգներէն` համոզել Իսրայէլը ծովային սահմանագծում կատարելու, որպէսզի հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը եւ հանդարտութիւնը ամրապնդուին:

Տէյվիտ Հէյլ իր կարգին նախագահին հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ ինք Լիբանան կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի խնդրանքով` տեսակցելու համար Լիբանանի ղեկավարներուն հետ եւ քննարկելու երկրին մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը: Հէյլ ըսաւ, որ իր այցելութեան ընթացքին պիտի յորդորէ լիբանանցի ղեկավարները պէտք եղած բարեկարգումները կատարելու` Լիբանանի ազգային շահերը ամէն բանէ վեր դասելով եւ մէկդի դնելով կուսակցական բոլոր շահերը: Հէյլ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ չունին որեւէ դեր ըսելու, թէ ո՛վ պէտք է ըլլայ վարչապետը այս կառավարութեան կամ որեւէ կառավարութեան: Հէյլ ընդգծեց, որ ոչ համայնքային եւ խաղաղ ցոյցերը կ՛արտացոլեն Լիբանանի ժողովուրդին պահանջները` կատարելու երկարատեւ տնտեսական բարեկարգում, ունենալու ղեկավարման աւելի լաւ համակարգ եւ վերջ դնելու փտածութեան: Հէյլ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն ապահովական ուժերուն պահպանելու խաղաղ ցուցարարներուն ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին` զսպուածութիւն ցուցաբերելու: Ան շեշտեց, որ քաղաքացիական խօսքին մէջ վայրագութեան տեղ չկայ: Հէյլ վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն Լիբանանի եւ անոր ամբողջ ժողովուրդին յաջողութիւնը` ընդգծելով, որ իրենք յանձնառու գործընկերներ պիտի ըլլան այս ջանքին մէջ:

Տէյվիտ Հէյլ ապա այցելեց Այն Թինէ, ուր տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Խորհրդարանի նախագահը Հէյլին ներկայացուց վարչապետ Հարիրիի հրաժարականէն առաջ Լիբանանի մէջ պարզուած իրավիճակը` իր աջակցութիւնը յայտնելով ժողովրդային շարժումի պահանջներուն` ստեղծելու քաղաքացիական պետութիւն, պատրաստելու ընտրական նոր օրէնք եւ պայքարելու փտածութեան դէմ: Պըրրի նաեւ ներկայացուց երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն փուլը եւ իր բազմաթիւ փորձերը, որպէսզի Հարիրի կրկին ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը: Պըրրի Հէյլին յայտնեց, որ այսօր Լիբանան կը սկսի նոր կառավարութեան կազմութեան ուղին` Հասսան Տիապի գլխաւորութեամբ: Ան աւելցուց, որ այս կառավարութեան պարտականութիւնները պիտի ըլլան բարեկարգումներ կատարելը, փտածութեան դէմ պայքարը եւ թափանցիկութեան որդեգրումը:

Պըրրի վերահաստատեց խորհրդարանի պատրաստակամութիւնը վաւերացնելու անհրաժեշտ օրէնքները եւ սկսելու բարեկարգումներու աշխատանոց` բոլոր լիբանանցիներու օգտին համար:

Պըրրի անգամ մը եւս յիշեցուց թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հէյլ իր կարգին նշեց, որ Պըրրիին եւս փոխանցած է ամերիկեան պետութեան կոչը լիբանանցի ղեկավարներուն` կատարելու անհրաժեշտ բարեկարգումները: Ան Պըրրիին նոյնպէս ըսած է, որ պէտք է մէկ կողմ դրուին կուսակցական եւ քաղաքական շահերը:

Հէյլ ապա ուղղուեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր հանդիպման ընթացքին նոյնպէս քննարկուեցան վերջին իրադարձութիւնները, ապա Հէյլ եղաւ Հարիրիի ճաշի հիւրը:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարին այցելութեան նպատակն է լիբանանցի պաշտօնատարները յորդորել անյապաղ բարեկարգումներ կատարելու:

Նախորդը

Զօր. Օսման Վերահաստատեց, Որ Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կը Գործեն Օրէնքի Ծիրին Մէջ

Յաջորդը

Քորնիշ Մազրաան Երէկ Գիշեր Վերածուեցաւ Քաղաքացիներուն Եւ Բանակին Միջեւ Արձանագրուած Բուռն Բախումներու Ճակատի

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?