Մամլոյ Արձակուրդ
Նոր տարուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 1 հինգշաբթի, 2 եւ ուրբաթ, 3 յունուար 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 4 յունուար 2020-ին:
Նոր տարուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 1 հինգշաբթի, 2 եւ ուրբաթ, 3 յունուար 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 4 յունուար 2020-ին:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ներքաշուած եւ լուռ աշխատող վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իր կողմէ ոչ մէկ պաշտօնական կեցուածք կամ յայտարարութիւն կատարուած է: «Ընկերային ցանցերուն ճամբով շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը անճիշդ են», հաստատեց ան: Միւս կողմէ, վստահելի աղբիւրներ յուշեցին, որ Տիապ կ՛ուղղուի կազմելու 18 նախարարէ բաղկացող սեղմ կառավարութիւն մը, որուն...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց լիբանանեան բանակի, Ներքին ապահովութեան ուժերու, Ընդհանուր ապահովութեան, Պետական անվտանգութեան եւ Մաքսատան ոստիկանութեան սպաներուն աստիճանի բարձրացում տալու յատուկ հրամանագիրը: Հրամանագիրը նախապէս ստորագրուած էր նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ելեւմուտքի, ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու պաշտօնակատարներ Ալի Հասան Խալիլի, Ռայա Հասանի եւ Էլիաս Պու Սաապի կողմէ: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց արտաքին...
Հըզպալլայի գրասենեակին կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտուեցաւ Իրաքի Հըզպալլայի դիրքերուն ռմբակոծումը, որ գործուեցաւ ամերիկեան յարձակումի մը եւ ռմբակոծումի մը ընթացքին: Հըզպալլա շեշտեց, որ այդ բռնարարքը Իրաքի եւ անոր ապահովական կայունութեան ու գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի` աւելցնելով, որ իրաքեան ժողովրդային աշխարհազօրը կը պայքարի հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ եւ պարտութեան կը մատնէ զայն: «Այս ռմբակոծումը կը փաստէ,...
Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ երէկ գիշեր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարելուն դրդապատճառները համոզիչ չէին` աւելցնելով, որ իրենք կը հաւատային, որ որդեգրուած բարեկարգումի փաստաթուղթին գործադրութիւնը տիրող փտած իրավիճակը սրբագրելու հիմնական խարիսխն էր: Ան նշեց, որ իրենք Հարիրիէն խնդրած են չհրաժարիլ` պահպանելու համար երկրին ելեւմտական, ընկերային եւ ապահովական կայունութիւնը: «Հակառակ Հարիրիի նկատմամբ ցուցաբերած...
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ երէկ մաղթեց, որ յառաջիկայ տարին Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար ըլլայ կայունութեան եւ բարգաւաճման տարի մը: Ան աւելցուց, որ Ֆրանսայի համար Լիբանան սիրելի երկիր է եւ օժտուած բազմաթիւ տաղանդներով ու կարողութիւններով, որոնք պէտք է մնան ու ամրապնդուին` երկրին փայլուն ապագային համար: Ֆուշէ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը կազմուի աշխուժ կառավարութիւն մը, որուն նկատմամբ վստահութիւն...
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Լիբանան յաւելեալ խոչընդոտում կամ քանդում չի կրնար հանդուրժել: Ան նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք բոլորը սկսան գիտակցիլ, որ Լիբանանի փրկութեան քայլը նոր, ատակ եւ տնտեսական ու ընկերային տագնապը լուծող բարեկարգումները գործադրող կառավարութեան մը կազմութիւնն է: Քասեմ հաստատեց նաեւ, որ նոր կառավարութեան հիմնական պարտականութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ իւրացուած գումարները...
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն համաձայն` յանձնախումբը այսօր պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն աշխատանքային պայմանագիրները երկարաձգելու մանրամասնութիւնները: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն աշխատանքային պայմանագիրներուն երկարաձգումը ոճիր է, եւ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է այդ մարզին վերատիրանայ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի...
Կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը կը շարունակուի: Վարչապետ Հասսան Տիապ արդէն իսկ հասած է նախարարներուն ինքնութիւնը ճշդելու փուլին: Ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի նախարարները ըլլան պարկեշտ եւ մասնագէտ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ըլլան անկուսակցական անհատներ` բացառելով նաեւ ներկայ երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարի պաշտօններ ստանձնած անձնաւորութիւնները: Միւս կողմէ, ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներուն թափը համեմատաբար աւելի զարգացաւ անցեալ շաբաթավերջին, երբ...
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ կիրակի օրուան պատարագին նախագահելու ընթացքին արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ ան յայտնեց, թէ 17 հոկտեմբերէն ի վեր Լիբանանի մէջ կը տիրէ այլ տեսակի մթնոլորտ մը, որուն մէջ կը զգացուի նոր Լիբանան մը, ուր բարեկարգումներ կան, քաղաքական ուժերէն անկախ կառավարութիւն, որ խորհրդարանին վերահսկողութեամբ պիտի մշակէ Լիբանանի փրկութեան շարք մը ծրագիրներ: «Այլեւս կարելի չէ...
Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին նոյն ընթացքով շարունակուելուն պարագային, ինք դրական մեծ ակնկալութիւններ չի կրնար ունենալ: Ան աւելցուց, որ զբօսաշրջութեան առումով Լիբանան վստահած էր այս տարուան վերջին ամիսներուն: Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ 17 հոկտեմբերէն ի վեր տիրող իրավիճակը անկայուն է, եւ Լիբանան ուղղուող զբօսաշրջիկներուն թիւը եւ պանդոկներու զբաղուածութեան համեմատութիւնը նուազած են: «Զբօսաշրջութեան...
Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին Լիբանան մուտք գործած է տնտեսական, ելեւմտական եւ ապրուստի արտակարգ եւ վտանգաւոր փուլ մը: «Նախորդ երկու ամիսներուն ընթացքին բողոքի ցոյցեր եւ պահանջատիրական աքթեր արձանագրուեցան, սակայն ներկայիս մենք կարիքը ունինք գործնական մօտեցումներու եւ իրապաշտ ծրագիրներու, որպէսզի կարենանք լիբանանցիներուն սպասած լուծումները տրամադրել», ըսաւ ան: Սէյիտ Սաֆիէտտին անհրաժեշտ նկատեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին...
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կրնայ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն ընդվզած ըլլալ, սակայն նախագահ Աուն կը փափաքէր, որ Հարիրի ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը: Ֆըրզլի նշեց նաեւ, որ ժողովրդային շարժումը արդարացի է կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ պահանջելու առումով: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորական...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ապահովական կառոյցներու ղեկավարութիւնները, որոնք նախագահը շնորհաւորեցին Ս. Ծնունդին եւ Նոր տարուան առիթով: Նախագահ Աուն իր կարգին բարձր գնահատեց ապահովական ուժերուն թափած ջանքերը` ուղղուած Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանման, յատկապէս վերջին 70 օրերուն ընթացքին: Նախագահը անոնց կոչ ուղղեց աչալրջութեամբ պայքարելու որեւէ ապահովական խախտումի եւ փտածութեան դէմ` օրէնքով իրենց սահմանուած լիազօրութիւններուն հիման...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապը: Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ վերջին շրջանին պատահածը մեծագոյն փաստն է բանակի պատրաստակամութեան անհրաժեշտութեան եւ ցոյց կու տայ, որ բանակը` իր զինուորներով եւ սպաներով, զոհողութիւններ կատարած է: Պու Սաապ յայտարարեց, որ սպաներուն զինուորական աստիճանի բարձրացումին ժամանակը հասած է` յոյս յայտնելով, որ հարցեր չըլլան...
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պըքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի Լեռնալիբանանի եւ հարաւի պատասխանատու շէյխ Մոհամետ Ամրոյի, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իրենք պատրիարքին այցելած են շնորհաւորելու զինք փոխանցելու Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ զրուցելու երկրին մէջ տիրող կացութեան մասին: Շէյխ Ամրօ յայտնեց, որ բոլորս կ՛ապրինք երկրին տագնապը, փոխադարձ վստահութեան հարցը, համատարած ու տնտեսական փտածութիւնը եւ արտաքին...
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան երէկ ընդունեց Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆը, որուն տրամադրութեան տակ դրաւ երկու զեկուցումներ. առաջինը` բանտարկեալներուն պահանջները, եւ երկրորդը` ճամբու քարտէս, որ կը միտի բանտարկեալները տեղափոխել ազատազրկումէն դէպի վերաորակաւորման կալանք: «Բանտերը կը տառապին իրականութենէ մը, որ հեռու է լիբանանցիները ներկայացնող չափանիշներէն: Եւ եթէ ուզենք Լիբանանի գեղեցիկ պատկերը ցոյց տալ, պէտք է բարելաւենք բանտարկեալներու պայմանները», ընդգծեց...
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 19 դեկտեմբերին Փարիզի մէջ ժողով գումարած Լիբանանի օժանդակող երկիրներու համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի Լիբանանի մէջ իրականացնէ բոլոր բարեկարգումները, յատկապէս` տնտեսական մարզին մէջ: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ այդ քայլերը կատարելով կարելի է իրականացնել 17 հոկտեմբերէն ի վեր տեղի ունեցող ժողովրդային շարժումի պահանջները: Նշուած է նաեւ, որ համախմբումը պատրաստ է աջակցելու Լիբանանին եւ անոր...
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունի, նախանցեալ առաւօտեան ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր դիմաւորուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ: Պաշտօնական լուսանկարէն ետք, նախագահ Աուն եւ Ռայի պատրիարքը ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող ջանքերն ու ներկայ տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները լուծելու հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք նախագահ...
Նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ երեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան նպատակով Տիապի ունեցած հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Հասսան Տիապ շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները` նշելով, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումը դրական էր,...
2011/03/04 – 2014/12/31