Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունի, նախանցեալ առաւօտեան ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր դիմաւորուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Պաշտօնական լուսանկարէն ետք, նախագահ Աուն եւ Ռայի պատրիարքը ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան վերաբերող ջանքերն ու ներկայ տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները լուծելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն մաղթեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը ըլլայ լիբանանցիներուն Նոր տարուան նուէրը` ընդգծելով, որ անիկա պիտի ըլլայ մասնագէտներու կառավարութիւն մը:
Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը չէ որ կառավարութիւնը պիտի կազմէ, «սակայն ան իրաւունք ունի կազմելու նախարարաց խորհուրդը` նկատի ունենալով, որ ան երեսփոխանական մեծագոյն պլոքի նախագահն է: Բայց եւ այնպէս Պասիլը չէ որ կառավարութիւնը պիտի կազմէ», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ սխալ է նոր կազմուելիք կառավարութիւնը նկատել Հըզպալլայի կառավարութիւն:
«Տակաւին չէ խօսուած կառավարութեան ձեւին մասին, իսկ այդ ձեւը` կազմութեան ընթացքին է, որ կը ճշդուի, եւ ոչ թէ վարչապետին նշանակումով», շեշտեց նախագահ Աուն:
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` նախագահ Աուն ըսաւ, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին սպասած են աւելի քան հարիւր օր` աւելցնելով, որ այս ձեւով չէ, որ կառավարութիւնները կը կազմուին:
Ապա նախագահ Աուն ներկայ գտնուեցաւ մատուցուած պատարագին եւ շնորհաւորութիւնները ներկայացնելէ ետք ուղղուեցաւ Պաապտա:
Ս. Ծննդեան պատարագին առիթով Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ անօթութիւնը, անգործութիւնը, անիրաւութիւնն ու զրկանքը խաղաղութիւն չեն կրնար պարգեւել:
Ան աւելցուց, որ խաղաղութիւն կարելի չէ կերտել նաեւ երբ բաժանումներ կան, քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական ապակայունութիւն կայ, կամ ալ անհատական շահեր կան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց անձնական շահերը շրջանցելու եւ վարչապետ Հասսան Տիապին օժանդակելու, որպէսզի կարենայ կառավարութիւնը կազմել` շրջանցելով օրուան մարտահրաւէրները:
Ռայի պատրիարքը Ս. Ծննդեան տօնին նախօրեակին արտասանած իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն լիբանանցիներուն սկսած ժողովրդային շարժումը հասկնալու եւ ըստ այնմ վարուելու, որովհետեւ այդ շարժումը անձնական շահեր չի հետապնդեր:
Ռայի պատրիարքը պահանջեց, որ լիբանանեան պետութիւնը անսայ լիբանանցիներու պահանջներուն` որդեգրելով բարեկարգումները:
Միւս կողմէ, Ֆրանչիսկոս պապը Ս. Ծննդեան առիթով իր մատուցած պատարագին ընթացքին մաղթեց, որ համերաշխութեան եւ ներդաշնակութեան երկիր Լիբանանի մէջ տիրող տագնապին կարելի ըլլայ ելքեր ապահովել:
Ան միաժամանակ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` երաշխաւորելու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ Յիսուսի ծնունդը ըլլայ ներշնչարան մը` պահպանելու ազգային միասնականութեան, սիրոյ եւ հայրենասիրութեան արժէքները, եւ անցնելու դէպի ապահով եւ կայուն ժամանակաշրջան մը:
Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորեց զայն:
Նշենք, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի եւ Ռայի պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորեց զանոնք` Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա նոյնպէս շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեաները շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` մաղթելով, որ կարելի ըլլայ ատակ անձնաւորութիւններով կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը` լուծելու համար երկրին տագնապը:
Շէյխ Քապալան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ եւ անոր փոխանցեց իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան եւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ իրենց կարգին շնորհաւորեցին Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը երեքշաբթի օր ընդունեց երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է Լիբանանի քաղաքական եւ ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ 2020-ի պետական ամավարկին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Քանաան շեշտեց, որ ինք բառացիօրէն կը զօրակցի Ռայի պատրիարքին այն կոչին, որ ցուցարարները պէտք է գործակցին լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն հետ եւ վերջ տան անոնց դէմ գործուող բռնարարքներուն: