Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն համաձայն` յանձնախումբը այսօր պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն աշխատանքային պայմանագիրները երկարաձգելու մանրամասնութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն աշխատանքային պայմանագիրներուն երկարաձգումը ոճիր է, եւ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է այդ մարզին վերատիրանայ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցով լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն  վարուելակերպը անհանդուրժելի է: Միւս կողմէ, ան նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապին յաջողութիւն մաղթեց` յոյս յայտնելով, որ ան իր խղճին անսալով ստանձնէ պատասխանատուութիւնը:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ:

Եազիժի պատրիարքը իշխանութեան երեք պետերուն ներկայացուց իր բարեմաղթութիւնները` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով: Ան ուժ եւ կորով մաղթեց իշխանութեան պետերուն` Լիբանանը փրկելու համար իր դիմագրաւած տագնապէն:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղասսան Աթալլա ընդգծեց, որ Լիբանան պիտի ունենայ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, եւ անոր պէտք է շնորհել աշխատանքի եւ յաջողութեան առիթ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ անհաւասարակշիռ կառավարութիւն մը, որուն օրինականութիւնը պակասաւոր է` չի կրնար իրեն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերականգնել, եւ Լիբանանի համար արտաքին օժանդակութիւններ ապահովել:

ՎԵՐԱԴԱՏ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ Զուիցերիոյ դատական իշխանութիւններէն պահանջեց տեղեկութիւններ ուղարկել` վերջերս Լիբանանէն կատարուած ելեւմտական փոխանցումներուն մասին:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը լիբանանցիներուն Նոր տարուան նուէրը պիտի չըլլայ, «ընդհակառակն` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը պիտի ուշանայ շատ մը պատճառներով», աւելցուց ան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց դիւրացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` Լիբանանի փրկութեան ի խնդիր: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան դրամատուներուն աշխատելաոճը ապօրինի է եւ զանոնք հաշուետուութեան թիրախ կը դարձնէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Ալեքսանտր Միլովիտովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ ռուսական բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի երէկ Մաժտալիունի մէջ ընդունեց Սայտայի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընդգծուեցաւ հզօր եւ արդար պետութիւն մը կերտելու կարեւորութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական համակարգը ցնցումի ենթարկուած է` աւելցնելով, որ վարչապետ Հասսան Տիապի կազմելիք կառավարութիւնը անկարելի է, որ յաջողի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ մաղթեց, որ մօտիկ ապագային Լիբանան ունենայ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը` աւելցնելով, որ ներկայ կացութիւնը յաւելեալ ժամանակի չի կրնար սպասել: «Բայց եւ այնպէս, ինչ որ կը պատահի բարի չէ»:

 

Նախորդը

Իրան Ապու Մուսա Կղզիին Մօտ Նաւ Մը Գրաւեց

Յաջորդը

Նայիմ Քասեմ. «Նշանակուած Վարչապետը Շրջափակելու Որեւէ Փորձ Կը Միտի Լիբանանը Անիշխանութեան Թիրախ Դարձնել»

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?