Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 30, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կրնայ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն ընդվզած ըլլալ, սակայն նախագահ Աուն կը փափաքէր, որ Հարիրի ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:

Ֆըրզլի նշեց նաեւ, որ ժողովրդային շարժումը արդարացի է կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ պահանջելու առումով:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է վարչապետ Հասսան Տիապէն: Պու Ասի շեշտեց, որ Ժահժահ վերահաստատած է, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իր վստահութեան քուէն կը շնորհէ կառավարութեան, եթէ ան անկախ մասնագէտներու կառավարութիւն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն չի փափաքիր, որ միագոյն կառավարութիւն մը կազմուի: Ան աւելցուց, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչէն իմացած է, թէ Կեդրոնական դրամատունը 40 միլիառ տոլարի պահեստի գումար ունի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շաբաթավերջին յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատճառով է, որ երկիրը յանձնուեցաւ շիի զոյգ քաղաքական ուժերուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Իսկ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ իրենք ընդդիմութիւն պիտի դառնան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է նոր նշանակուած վարչապետէն խնդրել, որ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին խորհրդարանական պլոքները շրջանցէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ կոչ ուղղեց նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապին զգուշանալու իր վրայ բանեցուող ճնշումներուն դիմաց տեղի տալէ: Ան շեշտեց, որ պէտք է զգուշ ըլլալ եւ ճնշումներու պատճառով փտածները նախարար չնշանակել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր հաստատեց, որ պէտք է արագ շարժիլ եւ առանց յաւելեալ ժամանակ կորսնցնելու յայտարարել նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ օրական դրութեամբ կայ պատուհաս մը, որ անկարելի է մոռնալ: Այդ պատուհասին անունը Ռիատ Սալամէ է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տրամադրած են ամէն տեսակի դիւրութիւն եւ ապահովութիւն, սակայն ան իր թեկնածութիւնը յետս կոչած է: «Այսօր մենք այդ բոլորը կը տրամադրենք Տիապին, որպէսզի ան յաջողի նոր կառավարութեան կազմութեան իր առաքելութեան մէջ», ըսաւ ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ Լիբանանի դրամատուները չեն կրնար խայտառակել դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիները եւ սահմանափակել անոնց գումարները տրամադրելու գործառնութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ պէտք է աճապարել եւ տակաւին չկազմուած կառավարութեան մասին վճիռներ տալ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շամել Ռուքոզ կոչ ուղղեց բանակը հեռու պահելու համայնքային խտրականութենէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Քարիմ Ռասի յայտնեց, որ խորհրդարանը իր վստահութեան քուէն պիտի շնորհէ կառավարութեան, իսկ ժողովրդային շարժումը պէտք է անոր առիթ շնորհէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր կոչ ուղղեց երկրին տնտեսական տագնապին գործնական ելքեր ապահովելու, նախքան լիբանանեան ընկերութեան քանդումը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ նոր կազմուելիք որեւէ կառավարութիւն պէտք է իր աշխատանքը համադրէ եւ լուրջ երկխօսութեան մը սկսի արաբական երկիրներու հետ, որովհետեւ երկրին տնտեսական կացութեան դիմակայումը շատ աւելի վտանգաւոր է` առանց արաբական օժանդակութեան:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Արգելակումը Երկրին Տնտեսութեան Մահացու Հարուած Է»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.