Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան երէկ ընդունեց Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆը, որուն տրամադրութեան տակ դրաւ երկու զեկուցումներ. առաջինը` բանտարկեալներուն պահանջները, եւ երկրորդը` ճամբու քարտէս, որ կը միտի բանտարկեալները տեղափոխել ազատազրկումէն դէպի վերաորակաւորման կալանք:
«Բանտերը կը տառապին իրականութենէ մը, որ հեռու է լիբանանցիները ներկայացնող չափանիշներէն: Եւ եթէ ուզենք Լիբանանի գեղեցիկ պատկերը ցոյց տալ, պէտք է բարելաւենք բանտարկեալներու պայմանները», ընդգծեց Հասան:
Ռայա Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթին, որ շրջանառութեան մէջ դրած է Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի թիւ 47-րդ յօդուածի կիրարկումին սկզբունքները, որոնք կ՛ապահովեն ձերբակալուած անձերու երաշխիքները:
Խալաֆ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ պիտի շարունակէ իր պատասխանատուութիւնը ստանձել` նոյնիսկ կառավարութեան ընթացիկ գործերու հոլովոյթի ծիրին մէջ:
«Իբրեւ Իրաւաբաններու սենտիքա, մենք կը պահանջենք գիտնալ իւրաքանչիւր ձերբակալուածի դատական վերջին ընթացքը, ինչպէս նաեւ լիարժէք համագործակցութիւն կը պահանջենք դատական իշխանութենէն», ընդգծեց Խալաֆ: