Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Վերջին Իրադարձութիւնները Վնաս Չհասցուցին, Այլ` Արգելքներն Ու Կարմիր Գիծերը Կոտրեցին, Իսկ Անոնց Արդիւնքները Այսօրուընէ Սկսեալ Պիտի Սկսին Դրսեւորուիլ»

Դեկտեմբեր 31, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց լիբանանեան բանակի, Ներքին ապահովութեան ուժերու, Ընդհանուր ապահովութեան, Պետական անվտանգութեան եւ Մաքսատան ոստիկանութեան սպաներուն աստիճանի բարձրացում տալու յատուկ հրամանագիրը:

Հրամանագիրը նախապէս ստորագրուած էր նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ելեւմուտքի, ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու պաշտօնակատարներ Ալի Հասան Խալիլի, Ռայա Հասանի եւ Էլիաս Պու Սաապի կողմէ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց արտաքին յարաբերութեան պետական նախարարի պաշտօնակատար Հասան Մըրատը եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղասսան Աթալլան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատ այցելեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն ընդունեց համալսարանականներու պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ ուսանողներու հարցերով իր խորհրդատուին` Փոլ Տահերի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը առաջարկներ, յատկապէս երիտասարդութեան հարցերու ազգային խորհուրդ մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:

Անոնք նշեցին, որ այդ խորհուրդը պէտք է ըլլայ անկախ կերպով գործող խորհուրդ մը, որուն պատասխանատուութիւնը պիտի ըլլայ զբաղիլ երիտասարդութեան հարցերով եւ անոնց ապագային ձգտումներով:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ այսուհետեւ որեւէ աշխատանքի մը ընդունելու պարագային նկատի առնուի ատակութիւնը եւ ոչ թէ միջնորդութիւնը:

Ան յոյս յայտնեց, որ այս քաղաքականութիւնը փոխուի:

«Վերջին իրադարձութիւնները վնաս չհասցուցին, այլ` արգելքներն ու կարմիր գիծերը կոտրեցին, իսկ անոնց արդիւնքները այսօրուընէ սկսեալ պիտի սկսին դրսեւորուիլ», ըսաւ ան:

Հանրապետութեան նախագահը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ Համատ Ալ Թանի իշխանէն, ինչպէս նաեւ Իսլանտայի նախագահ Կոնի Ճոհանսընէն:

 

Նախորդը

Հըզպալլան Եւ Ամալ Շարժումը Կը Դատապարտեն Իրաքի Դէմ Ամերիկեան Ռմբակոծումները

Յաջորդը

Տիապ. «Ընկերային Ցանցերուն Ճամբով Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Բոլոր Լուրերը Անճիշդ Են»

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?