Պուսթանի. «Լիբանանի Ունեցած Նաւթը Մինչեւ 2020-ի Փետրուարը Բաւարար Է` Ելեկտրական Հոսանք Արտադրելու»
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նատա Պուսթանի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կլիմայական աննպաստ պայմանները արգելք հանդիսացած են, որ նաւթ փոխադրող նաւերը իրենց փոխադրած նաւթը կարենան հասցնել ցամաք: Պուսթանի հաստատեց, որ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին ելեկտրականութեան հոսանքը աւելի երկար ժամեր պիտի ընդհատուի, սակայն շաբաթ, 11 յունուարէն սկսեալ վիճակը պիտի սկսի բարելաւուիլ: «Լիբանանի ունեցած նաւթը մինչեւ 2020-ի փետրուարը բաւարար...




















