Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլան Եւ Ամալ Շարժումը Կը Դատապարտեն Իրաքի Դէմ Ամերիկեան Ռմբակոծումները

Դեկտեմբեր 31, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի գրասենեակին կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտուեցաւ Իրաքի Հըզպալլայի դիրքերուն ռմբակոծումը, որ գործուեցաւ ամերիկեան յարձակումի մը եւ ռմբակոծումի մը ընթացքին:

Հըզպալլա շեշտեց, որ այդ բռնարարքը Իրաքի եւ անոր ապահովական կայունութեան ու գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի` աւելցնելով, որ իրաքեան ժողովրդային աշխարհազօրը կը պայքարի հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ եւ պարտութեան կը մատնէ զայն:

«Այս ռմբակոծումը կը փաստէ, թէ ամերիկեան վարչակազմը կը հարուածէ իրաքցի ժողովուրդին ուժը, որպէսզի ան չկարենայ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ պայքարիլ ու յաղթել: Միացեալ Նահանգներ իրենց գործած այս արարքով կը հարուածեն իրաքցիներուն շահերը, ինչպէս նաեւ ազատ եւ գերիշխան երկիր ունենալու, երկրին ապահովական իսկական կայունութիւնն ու ապահով ապագայ կերտելու իրաքցիներուն երազը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ամալ շարժումի քաղաքական գրասենեակը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Իրաքի միասնականութիւնը հարուածելու իմաստով արձանագրուած ձախողութենէն եւ իրաքցիները ահաբեկչութեան զոհեր դարձնելէ ետք, ահաւասիկ Միացեալ Նահանգներ բռնարարքներ կը գործեն Իրաքի գերիշխանութեան դէմ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ահաբեկչութիւնը տապալած Իրաքի գերիշխանութեան դէմ ռմբակոծումները բռնարարքներ են, որոնք կը փաստեն, թէ Ուաշինկթըն ամէն տեսակի սադրիչ աշխատանքի եւ քաոս ստեղծելու քայլի կը դիմէ` քայքայելու համար երկիրներն ու արաբական եւ իսլամական ընկերութիւնները:

Ամալ շարժումը խստիւ դատապարտեց Իրաքի դէմ գործուած բռնարարքը` կոչ ուղղելով իրաքցիներուն աւելի եւս ամրապնդելու իրենց ազգային միասնականութիւնը:

Լիբանանեան ազգային քաղաքական ուժերու եւ անհատներու համախմբումը երէկ դատապարտեց Իրաքի վրայ գործուած յարձակումը` յայտնելով, որ Իրաքի ռմբակոծումը ձախողեցուցած է Իրաքի մէջ  ամերիկեան ուժերուն գոյութեան վերաբերող միացեալ համաձայնագիրներուն օրինականութիւնը:

Համախմբումը զօրակցութիւն յայտնեց իրաքեան ժողովրդային աշխարհազօրին` ամերիկեան դաւադրութիւններուն դիմադրելու իր ջանքերուն մէջ:

Նախորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելքներու Դիմաց Չի Գտնուիր, Իսկ Վարչապետ Տիապի Հետ Նախարարներու Անուններու Եւ Նախարարութիւններու Շուրջ Հարցեր Չկան» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Վերջին Իրադարձութիւնները Վնաս Չհասցուցին, Այլ` Արգելքներն Ու Կարմիր Գիծերը Կոտրեցին, Իսկ Անոնց Արդիւնքները Այսօրուընէ Սկսեալ Պիտի Սկսին Դրսեւորուիլ»

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?