Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը, Ժոզեֆ Թարապայը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը Եւ Էլի Ֆըրզլին

December 28, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պըքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի Լեռնալիբանանի եւ հարաւի պատասխանատու շէյխ Մոհամետ Ամրոյի, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իրենք պատրիարքին այցելած են շնորհաւորելու զինք փոխանցելու Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ զրուցելու երկրին մէջ տիրող կացութեան մասին:

Շէյխ Ամրօ յայտնեց, որ բոլորս կ՛ապրինք երկրին տագնապը, փոխադարձ վստահութեան հարցը, համատարած ու տնտեսական փտածութիւնը եւ արտաքին միջամտութիւնները: Ան աւելցուց, որ այս բոլորը կը մղէ լիբանանցիները միաւորուելու` ցոյց տալու համար իրենց հայրենասիրութիւնը եւ միայն Լիբանանի եւ Լիբանանի շահերուն ծառայելու իրենց կեցուածքը: Շէյխ Ամրօ ընդգծեց, որ Հըզպալլա կ՛աջակցի Հասսան Տիապի կառավարութեան, որովհետեւ Տիապ անաչառ է, ունակ եւ կ՛ուզէ երկիրը փրկել ու տնտեսական վիճակը բարելաւել: Ան աւելցուց, որ կարիքը կայ ունակ եւ անաչառ անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութեան, որպէսզի երկիրը ըլլայ տնտեսապէս անկախ եւ գերիշխան` հեռու արտաքին բոլոր վտանգաւոր ցանկութիւններէն:

Ամրօ յայտնեց, որ Հըզպալլա կ՛աջակցի կառավարութեան մը, որ բաղկացած է անաչառ եւ մաքուր մասնագէտներէ` անկախ անոնց յարանուանական պատկանելիութիւններէն` շեշտելով, որ Հըզպալլայի միակ մտահոգութիւնը երկրին փրկութիւնն է:

«Մենք չենք կարծեր, որ կայ անկախ անձ` «անկախ» բառին ամբողջական իմաստով: Հետեւաբար, պէտք է ըլլայ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն, եւ ինչպէս հանրապետութեան նախագահը ըսաւ` պէտք է կառավարութիւնը վայելէ խորհրդարանին աջակցութիւնը եւ իր աշխատանքը կատարէ միջազգային եւ շրջանային հարցերու ցանցին մէջ», նշեց Ամրօ:

Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին` Ամրօ յայտնեց, որ Հըզպալլա կառավարութեան համար անուն չէ առաջադրած եւ կը սպասէ, որ նշանակեալ վարչապետը կապ հաստատէ կուսակցութեան հետ եւ պատրաստ ըլլայ անուններ ընդունելու: Ան նշեց, որ տակաւին կանուխ է անուններ առաջադրելու:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հարցին` Ամրօ յայտնեց, որ Հըզպալլա նշած է, որ պիտի ըլլայ արագ կազմութիւն, բայց ոչ` արագացուած, եւ կառավարութիւնը պիտի չբաղկանայ քաղաքական մէկ գոյնէ, այլ պիտի ըլլայ զուտ լիբանանեան կառավարութիւն, որ պիտի ծառայէ ամբողջ Լիբանանին եւ փրկէ տնտեսական վիճակը: Ան բացատրեց, որ Հըզպալլա կառչած կը մնար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերանշանակման, սակայն վերջինս պնդեց իր հրաժարականին վրայ, հակառակ անոր որ Հըզպալլա պնդեց, որ ան մնայ: Ան աւելցուց, որ երբ հանրապետութեան նախագահը նախկին վարչապետ Հարիրիին ներկայացուց երեք անուններ, Հարիրի ընտրեց Հասսան Տիապին անունը, քանի որ ան մաքուր եւ հաւատարիմ անձ է` ընդգծելով, որ Հըզպալլա, Հարիրի եւ նախագահ Աուն համաձայն են նշանակեալ վարչապետին գծով եւ կը յուսան, որ կառավարութիւնը ըլլայ ազգային փրկութեան կառավարութիւն եւ ոչ քաղաքական խաղ:

Ամրօ աւելցուց, որ պատրիարքին կեցուածքը դրական էր, եւ անոր տեսլականը կը համընկնէր Հըզպալլայի լիբանանեան տեսլականին եւ կառավարութեան տեսլականին հետ: Ան դիտել տուաւ, որ վախ չկայ Լիբանանի ապագային առնչութեամբ, քանի որ Լիբանան օրինակ պիտի դառնայ իր ժողովուրդին ուժով, բարեկարգումներ կատարելու եւ  երկիրը փրկող մաքուր կառավարութիւն կազմելու կարելիութեամբ:

Թարապայ

Ռայի պատրիարքը ընդունեց Արաբական դրամատուներու սեփականատէրերու միջազգային միութեան նախագահ դոկտ. Ժոզեֆ Թարապայը, որ յոյս յայտնեց անյապաղ կառավարութեան կազմութեան առնչութեամբ` ըստ ժողովուրդին եւ քաղաքացիական շարժումի, ինչպէս նաեւ ներքին ու արտաքին անձնաւորութիւններու պահանջներուն:

Թարապայ նշեց, որ կազմուելիք կառավարութենէն կը պահանջուի լուծել դրամական եւ տնտեսական տագնապները:

Ան յայտնեց, որ ժխտական հետեւանքները` թէ՛ դրամատնային մարզին վրայ, թէ՛ տարբեր մակարդակներու վրայ, արդիւնքն են պետական ամավարկի հսկայ բացին, շարունակական ծախսերուն եւ անկարողութեան` մշակելու անկեղծ պետական ամավարկ, որ իսկապէս ցոյց կու տայ ունեցուածքներու ճշգրտութիւնը: Ան ընդգծեց, որ ծախսերու վրայ կեդրոնացումը յառաջացուց բաց մը, որ վնաս պատճառեց դրամական, վարկային եւ դրամատնային մարզերուն:

Ան վերահաստատեց, որ լիբանանցիներուն եւ օտարներուն պահ դրուած գումարները ապահով վիճակի մէջ են, եւ դրամատնային մարզը որդեգրած է անհրաժեշտ միջոցառումները, որպէսզի պահպանէ այդ դրամները: Ան աւելցուց, որ պետութիւնը մշակած է անհրաժեշտ օրէնքները` բարձրացնելու համար Լիբանանի մէջ պահ դրուած գումարներուն ապահովութեան արժէքը, ուրեմն վախ չկայ պահ դրուած գումարներուն վրայ:

Ան յայտնեց, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը կարողութիւն չունի պահպանելու լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքը, եթէ կառավարութիւնը յանձնառու չմնայ թափանցիկ, արդար եւ հաւասարակշռուած պետական ամավարկի, որ կ՛ընդգրկէ ծախսերու համար լուրջ փուլ` հաւասարակշռութիւն գտնելով ունեցուածքներուն եւ ծախսերուն միջեւ:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ֆաուզի Քըպպարան, Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, նախկին երեսփոխան Ժիհատ Ազուրը եւ անոր եղբայրը` Անթուանը:

 

Նախորդը

Ռայա Հասան Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նախագահին Յանձնեց Բանտերուն Վերաբերող Երկու Զեկուցումներ

Յաջորդը

Պու Սաապ Մտահոգ` Գնդապետներու Զինուորական Աստիճանի Բարձրացումին Գծով Հրամանագիրի Բացակայութեան Պատճառով

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.