Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին Լիբանան մուտք գործած է տնտեսական, ելեւմտական եւ ապրուստի արտակարգ եւ վտանգաւոր փուլ մը:
«Նախորդ երկու ամիսներուն ընթացքին բողոքի ցոյցեր եւ պահանջատիրական աքթեր արձանագրուեցան, սակայն ներկայիս մենք կարիքը ունինք գործնական մօտեցումներու եւ իրապաշտ ծրագիրներու, որպէսզի կարենանք լիբանանցիներուն սպասած լուծումները տրամադրել», ըսաւ ան:
Սէյիտ Սաֆիէտտին անհրաժեշտ նկատեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութեան կազմութիւնը` ընդգծելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արգելակումը երկրին տնտեսութեան մահացու հարուած է: