Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ յայտարարել եւ ներքին լիբանանեան ու արտաքին աշխարհին վստահութեան արժանանալ:
Ան մաղթեց, որ նոր կառավարութիւնը կարենայ երկրին մէջ դրական մթնոլորտ տարածել, յատկապէս այն պետութիւններուն մօտ, որոնք կը փափաքին օժանդակել Լիբանանին:
Նախագահ Աուն աւելցուց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմելու համար:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Ֆուշէ նախագահ Աունին յայտնեց, որ Փարիզ կը ցանկայ տեսնել կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիներուն ձգտումները կը մարմնաւորէ եւ այս փուլին կը համապատասխանէ:
Նշենք, որ Ֆուշէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան 2020-ի պետական ամավարկն ու անոր կցուած բարեկարգումներու փաստաթուղթին վերաբերող մանրամասնութիւններն ու անոնց գործադրութեան կարեւորութիւնը:
Քանաան յայտնեց, որ Ֆուշէ հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնը ընթացքի մէջ է` պայմանով, որ Լիբանանի կողմէ խոստացուած բարեկարգումները գործադրուին:
Ժողովրդային Շարժումին Մաս Կազմող Ցուցարարները Թիրախ Կը Դարձնեն Դրամատուները
Նախորդ երկու օրերուն, ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարները աւելի նուազ թափով շարունակեցին իրենց բողոքի շարժումը` թիրախ դարձնելով շարք մը դրամատուներ:
Անոնք բողոքի ցոյց մը կատարեցին Համրայի «Ֆրանսապանք» դրամատան դիմաց` ընդգծելով, որ իրենք նիւթական իրենց պարտաւորութիւնները պիտի չկատարեն:
Սակայն «Ֆրանսապանք» դրամատան դռները երէկ արդէն իսկ փակ էին:
Օր մը առաջ երիտասարդներ մուտք գործեցին «Մետ» դրամատուն եւ բողոքեցին անոր վարչութեան դէմ` պահանջելով իրենց հաշիւներուն մէջ գտնուող գումարները:
Երիտասարդ մը որոշեց դրամատան մէջ մնալ, մինչեւ իր բոլոր դրամները ստանալը:
Թրիփոլիի մէջ ցուցարարներ երէկ առաւօտեան հաւաքուեցան Թրիփոլիի նաւահանգիստի մուտքին եւ պահանջեցին նաւահանգիստը փրկել փտածներէն:
Հալպայի մէջ ցուցարարները փակեցին «Օժերօ» ընկերութեան մուտքը, արգիլեցին պաշտօնեաներուն մուտքը եւ աշխատանքը կասեցուցին:
Այս ցոյցերուն զուգահեռ, ճամբաները փակելու երեւոյթը երէկ դարձեալ ինքզինք պարտադրեց, երբ ցուցարարներ առաւօտեան կանուխ ժամերուն փակեցին Նահր Քալպի փապուղիին մուտքը:
Անոնք ճամբուն մէջտեղ նստան եւ որոշ ժամանակի համար արգելք հանդիսացան անցորդներու երթեւեկին դիմաց, սակայն ի վերջոյ լիբանանեան բանակը յաջողեցաւ ճամբան վերաբանալ:
Նախանցեալ գիշեր նոյն պատկերը կրկնուեցաւ Թրիփոլիի մէջ, երբ ցուցարարները փակեցին Թրիփոլի տանող ճամբաները, եւ բանակը աւելի ուշ վերաբացաւ զանոնք, սակայն Պըհսասի մէջ բախումներ արձանագրուեցաւ ցուցարարներուն եւ բանակին միջեւ:




