Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կիրակի, 12 յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի սպանութեան եօթնօրէքին առիթով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ապտել Քերիմ Ռաքայպին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-արաբական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց ունեցած հետեւանքները` լիբանանեան ներքին կացութեան վրայ:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս արձանագրուած շրջանային վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ կառավարութեան մասին նախանցեալ օր կատարած յայտարարութիւնը չէ փոխուած: Ան աւելցուց, որ այս մասին Պըրրի առաջին օրէն իսկ յայտնած է վարչապետ Հասսան Տիապին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդվզած է կառավարութեան կազմութեան առումով արձանագրուած ուշացումէն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի հաստատեց, որ բժշկական սարքերուն եւ պիտոյքներուն կարիքը հետզհետէ աւելի լուրջ բնոյթ կը ստանայ, որովհետեւ այդ կարիքը արդէն իսկ կարմիր գիծին հասած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային զարգացումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն նախանցեալ օր ընդունեց ապահովութեան հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Կիլ Միշոն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկ` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդին` Ալեքս Հիլթընի: Քննարկուեցան երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնն ու յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ 2020-ը պիտի ըլլայ վտանգներու եւ տնտեսական ու քաղաքական դժուար ընտրանքներու տարին:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց կազմելու ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը` անկախ անոր ձեւէն եւ քաղաքական գունաւորումէն:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խոտըր յայտնեց, որ դրամատուներուն հետ հարցեր ունեցողները կրնան դատական իշխանութիւններուն դիմել: «Դրամատուներուն հետ հարցերը կարելի չէ լուծել սպառնալիքով եւ բռնարարքներով, այլ` դատական իշխանութիւններուն մօտ», ըսաւ ան:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ պաշտօնէութեան սենտիքան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Կեդրոնական դրամատան վարչութիւնը կրնայ տնօրինել դրամատնային այս տագնապալի իրավիճակին լուծումը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Քարլոս Ղոսըն Փրկագինով Ազատ Արձակուեցաւ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.