Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Լիբանան Իր Ապահովական Կայունութեամբ Եւ Բնական Հարստութեամբ Թիրախ Է»

January 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայացուցած ամերիկեան վարչակազմը իր գոռոզութեամբ եւ մեծամտութեամբ կը մտածէ, թէ իր բնական իրաւունքն է իր համոզումները պարտադրել ամբողջ աշխարհին:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիին եւ Իրաքի պատասխանատուներուն Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի սպանութեան առիթով:

Պլոքը հպարտութիւն յայտնեց զոյգ նահատակներուն գործունէութեամբ` ընդգծելով Դիմադրութեան ուղեգիծին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ իրանցի եւ իրաքցի ժողովուրդները պաշտպանելու անոնց յանձնառութիւնը:

Պլոքը ընդգծեց նաեւ, որ Սիւլէյմանիի եւ Մուհանտեսի յուղարկաւորութեան ընթացքին միլիոնաւոր իրանցիներու եւ իրաքցիներու փողոց իջնելը յստակ պատգամ է ամերիկեան վարչակազմին, թէ երկու ժողովուրդները կը մերժեն շրջանին մէջ ամերիկեան ներկայութիւնը` աւելցնելով, որ ամերիկեան խարիսխներուն դէմ գործուած իրանեան ռմբակոծումը տակաւին առաջին ապտակն է, որ կը հասնի ամերիկեան զինուորական ներկայութեան:

«Լիբանան իր ապահովական կայունութեամբ եւ բնական հարստութեամբ ամերիկեան քաղաքականութեան թիրախ է: Լիբանանցիները միշտ տուժած են Իսրայէլէն, որուն միշտ կ՛օժանդակէին Միացեալ Նահանգները, իսկ ներկայիս Լիբանան ուղղակի թիրախ է ամերիկեան անարդար եւ ճնշող քաղաքականութեան, որուն նպատակն է Իսրայէլի շահերը իրականացնել», նշուեցաւ պլոքին հաղորդագրութեան մէջ, ուր աւելցուեցաւ, որ լիբանանցիներուն շահերը կը կայանան Իսրայէլի եւ անոր բռնագրաւումին դիմադրութեան մէջ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը եւ բարելաւելու ելեւմտական կացութիւնը` պետական հաստատութիւնները վերադարձնելով իրենց բնականոն աշխատանքին եւ լուծելով կուտակուած բոլոր տագնապները:

 

 

Նախորդը

Միքաթի. «Լիբանան Նոր Փորձառութիւններ Եւ Զերօ Կէտէն Սկսելու Քայլեր Չի Կրնար Հանդուրժել»

Յաջորդը

Պուսթանի. «Լիբանանի Ունեցած Նաւթը Մինչեւ 2020-ի Փետրուարը Բաւարար Է` Ելեկտրական Հոսանք Արտադրելու»

RelatedPosts

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
Պըրրիի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին.  Արաղչի Իրանի Լիակատար Աջակցութիւնը  Կը Յայտնէ Լիբանանի Դիմադրութեան
Լիբանանեան

Պըրրիի Հետ Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին. Արաղչի Իրանի Լիակատար Աջակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանի Դիմադրութեան

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.