Լիբանանցի յայտնի գործարար Քարլոս Ղոսըն երէկ ներկայացաւ Լիբանանի ընդհանուր դատախազութեան, որ զինք հարցաքննելէ ետք, անոր դէմ արձակեց ճամբորդութեան արգելքի վճիռը` արտօնելով, որ ան փրկագինով ազատ արձակուի:
Ընդհանուր դատախազութիւնը պիտի շարունակէ Ղոսընը հարցաքննել` Իսրայէլ անոր այցելութեան եւ Իսրայէլի հետ տնտեսական գործարքներ ունենալու առումով:
Նշենք, որ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ Ղոսընի թղթածրարը պահանջեց Ճափոնի դատական իշխանութիւններէն:
Ղոսըն յայտնեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն հետ եւ կը խոստանայ գործակցիլ` աւելցնելով, որ ճափոնական դատական իշխանութեան դրութիւնը շատ յետամնաց է:



