Լիբանանցի յայտնի գործարար Քարլոս Ղոսըն երէկ յետմիջօրէին Մամլոյ սենտիքայի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ներկայ գտնուեցան հարիւրաւոր լրագրողներ, սակայն որոնցմէ քիչեր, որոնց մէջ նաեւ 5 ճափոնցի լրագրողներ, կրցան մուտք գործել` լսելու համար Ղոսընը:
Երկուքուկէս ժամ տեւած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան շեշտեց, որ իր փրկութեան միակ ընտրանքը Ճափոնէն փախուստ տալն էր, որովհետեւ զինք յանցագործ կը նկատէին` առանց փաստեր ունենալու:
Ան ըսաւ, որ ինք ասուլիսի հրաւիրած է խօսելու համար Ճափոնէն դուրս գալու պատճառներուն եւ ոչ թէ Լիբանան հասնելու համար օգտագործած իր ձեւերուն մասին:
«Ես արդարութենէն չէ, որ փախուստ տուած եմ, այլ` անարդարութենէն», հաստատեց ան:
Ղոսըն յայտնեց, որ իր ձերբակալութեան պատճառը 2017-ին «Նիսան» ընկերութենէն հրաժարիլն է եւ «Միթսուպիշի» ընկերութեան մաս կազմելը:
Ղոսըն նկատել տուաւ, որ ինք լիբանանեան-ճափոնական շահերուն վնաս հասցնող ոչ մէկ յայտարարութիւն պիտի կատարէ` աւելցնելով, որ ինք քաղաքական ձգտումներ չունի, «ընդհակառակն, եթէ ինձմէ պահանջուի փորձառութիւնս զետեղել ի սպաս Լիբանանի շահերուն, ապա ես պատրաստ եմ», ըսաւ ան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին, որ զօրակցեցաւ իրեն` շեշտելով, որ ինք պատրաստ է դատավարութեան ենթարկուելու:
Ղոսըն այսօր պիտի ներկայանայ Լիբանանի ընդհանուր դատախազութեան, որ պիտի հարցաքննէ զինք:
Իսրայէլ այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Ղոսըն հաստատեց, որ ինք Իսրայէլ ուղղուած է ոչ թէ իբրեւ լիբանանցի, այլ` իբրեւ «Ռընօ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն:
Նշենք, որ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալպեր Սարհան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Ղոսընի կեցութիւնը օրինական է: