Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Նատա Պուսթանի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կլիմայական աննպաստ պայմանները արգելք հանդիսացած են, որ նաւթ փոխադրող նաւերը իրենց փոխադրած նաւթը կարենան հասցնել ցամաք:
Պուսթանի հաստատեց, որ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին ելեկտրականութեան հոսանքը աւելի երկար ժամեր պիտի ընդհատուի, սակայն շաբաթ, 11 յունուարէն սկսեալ վիճակը պիտի սկսի բարելաւուիլ:
«Լիբանանի ունեցած նաւթը մինչեւ 2020-ի փետրուարը բաւարար է` ելեկտրական հոսանք արտադրելու համար: 11 յունուարէն սկսեալ մինչեւ փետրուարի աւարտը` Պէյրութի մէջ 16-21 ժամ ելեկտրականութիւն պիտի հայթայթենք, իսկ մնացեալ շրջաններուն մէջ 8-10 ժամ», ըսաւ Պուսթանի:



