Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը` Զերօ Կէտի՞ն

Յունուար 13, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր, որոնց լոյսին տակ, երէկ անպաշտօն աղբիւրներու կողմէ տարածուեցան շշուկներ, թէ այդ հոլովոյթը վերադարձած է զերօ կէտին:

Մինչ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը վաղը` երեքշաբթի, 14 յունուարին, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին պիտի հրապարակէ տեսակարար կեցուածք մը, Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներ շեշտեցին, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան` շարունակելու համար ընթացիկ կառավարութեան աշխատանքները:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի կատարուի այն ձեւով, որ ներկայիս ընթացքի մէջ է, ապա ինք կը մերժէ մաս կազմել այդ կառավարութեան, սակայն կազմուելու պարագային իր վստահութեան քուէն պիտի շնորհէ անոր:

Պըրրի հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ իր վրայ ճնշում բանեցնել` իր կողմէ առաջադրուելիք նախարարին անձին գծով:

Ան զարմանք յայտնեց նաեւ, որ ժողովրդային շարժումը պիտի չներկայացուի կազմուելիք կառավարութեան մէջ, «մինչդեռ այդ շարժումը նուազագոյնը մէկ կամ երկու նախարարով պէտք է ներկայացուի յաջորդ կառավարութեան կազմին մէջ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ շաբաթավերջին վարչապետ Հասսան Տիապի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ իր նշանակումէն երեք շաբաթ ետք երկրին վիճակը հասած է փլուզումի, այն աստիճան, որ լիբանանցիները իրենք զիրենք ենթակայ կը զգան տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային ահաւոր ճնշումներու, որոնց երկրին ամբողջ պատմութեան ընթացքին չեն ենթարկուած:

Ան յայտնեց, որ ինք իբրեւ անկախ անձնաւորութիւն վարչապետ նշանակուած է եւ շեշտած, որ կը փափաքի կազմել մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ պիտի ունենայ 18 նախարար, որոնք երեսփոխաններ պիտի չըլլան, անկուսակցական անձնաւորութիւններ պիտի ըլլան, կին նախարարները այդ կառավարութեան մէջ իրենց կշիռը պիտի ունենան, անոր անդամները պետական նախարարներ պիտի չըլլան եւ ժողովրդային շարժումին ճնշումներով հրաժարած կառավարութեան անդամներ պիտի չըլլան:

Տիապ նշեց, որ ինք այս ուղղութեամբ կը գործէ նշանակուած օրէն ի վեր` աւելցնելով, որ ինք կը վերահաստատէ ճշդուած այդ չափանիշներուն իր կառչածութիւնը, որովհետեւ համոզուած է այդ չափանիշներով:

Տիապ ըսաւ, որ ինք պիտի շարունակէ սահմանադրական իր պարտականութիւնը` մասնագէտներու սեղմ կառավարութիւն մը կազմելու եւ դժուար այս փուլին ընթացքին լիբանանցիներուն ապահովութիւն տրամադրելու նպատակով:

Պէտք է աւելցնել, որ անցեալ շաբաթավերջին Ժողովրդային շարժումը վերաշխուժացաւ եւ կազմակերպեց շարք մը ցոյցեր, որոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ շաբաթ կէսօրէ ետք, երբ ցուցարարները հաւաքուեցան Տորայի կամուրջին մօտ եւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին կատարեցին ցոյց-քայլարշաւ մը, որ անցաւ Պուրճ Համուտէն, Մար Մխայէլէն, Ժմմայզէէն եւ հասաւ մինչեւ խորհրդարան:

Ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Շքէյրի տան դիմաց` մերժելով երկարաձգել բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն աշխատանքի պայմանագիրները:

Իսկ երէկ մեծ թիւով ցուցարարներ ողողեցին խորհրդարանին կից փողոցները եւ պահանջեցին Հասսան Տիապի հրաժարականը:

Ցուցարարներուն մէկ մասը ուղղուեցաւ Տիապի բնակարանին մօտ` շարունակելու իր բողոքի ցոյցը, իսկ մնացեալ ցուցարարները երեկոյեան ժամը 8:00-ին փակեցին Ռինկի կամուրջը:

Ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Շքէյրի տան դիմաց` մերժելով երկարաձգել բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն աշխատանքի պայմանագիրները:

Բողոքի այլ ցոյց մը կատարուեցաւ նաեւ Պէյրութի քաղաքապետարանին դիմաց` պահանջելով հաշուետուութեան կանչել փտածներն ու խաբեբաները:

Ցուցարարները քանդեցին քաղաքապետարանին մուտքի դռները, սակայն անոնց այս արարքները վերջ գտան ապահովութեան ուժերուն միջամտութեամբ:

Նախորդը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Խոր Կսկիծով Կը Գուժեն Օմանի Սուլթան Քապուսի Մահը

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ Պոլսոյ Հայոց Նոր Պատրիարքի Գահակալութեան Արարողութիւնը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?