Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Բախի Որոշ Բարդութիւններու. Սալամէ. «Դրամատուներուն Մէջ Գտնուող Լիբանանցիներուն Հաշիւները Ապահով Են, Եւ Ոչ Մէկ Դրամատուն Սնանկացած Է»

Յունուար 11, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը բախի որոշ բարդութիւններու, սակայն հակառակ տիրող այս մթնոլորտին, վարչապետ Հասսան Տիապ կառչած կը մնայ սեղմ կազմով (18 նախարար) եւ մասնագէտներէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքին:

Կառավարութեան յայտարարութեան մօտալուտ ըլլալուն կամ այդ յայտարարութիւնը մետասաներորդ պահուն արգելակած խոչընդոտներու մասին տեղեկութիւնները հեղեղներու պէս ողողած են տեղական լրատուամիջոցները, սակայն իրականութիւնը կը մնայ այն, որ Տիապ իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ լուռ կ՛աշխատի` լուծելու համար բարդութիւնները եւ կազմելու համար մասնագէտներու կառավարութիւնը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ երկիրը փրկել տնտեսական եւ ելեւմտական իր տագնապալի իրավիճակէն:

Նախագահ Աուն Ընդունեց Սալամէն

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը:

Պքերքէի Մէջ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին ընդունեց Ռիատ Սալամէն:

Պքերքէի մէջ յետմիջօրէին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ռիատ Սալամէ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

Ռայի պատրիարքն ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը քննարկեցին երկրին տնտեսական իրադարձութիւնները:

Սալամէ Ռայի պատրիարքին ներկայացուց երկրին մէջ տիրող տնտեսական ու ելեւմտական իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ելքերն ու միջոցները, որոնցմէ գլխաւորը կը նկատուի մասնագէտներու կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի ան լիբանանցիներուն վստահութիւն ներշնչէ:

Նշենք, որ Սալամէ նախանցեալ օր հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան ոչ մէկ դրամատուն սնանկացած է` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատունը պէտք եղած դրամը կ՛ապահովէ լիբանանեան դրամանիշով եւ ամերիկեան տոլարով:

Ան յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը կը շարունակէ օժանդակել լիբանանեան պետութեան` ամբողջացնելու համար աշխատավարձերու վճարումը:

«Որեւէ երկրի մէջ, երբ տնտեսութիւնն ու ելեւմտական համակարգը տագնապի  մատնուին, Կեդրոնական դրամատունը կը միջամտէ` արգիլելու համար փլուզումն ու սնանկացումը, ինչպէս նաեւ պահպանելու համար ընկերային կայունութիւնը, այն յոյսով, որ պատասխանատու կողմերն ու պետութիւնը կարենան փրկել տիրող կացութիւնը: Մենք պետութիւնը ֆինանսաւորեցինք` բարեկարգումներու գործադրութեան հիման վրայ: Ֆինանսաւորումը ապօրինի չէր, որովհետեւ մենք իրաւունք ունինք մուտք գործելու շուկայ եւ գնելու բաժնետոմսեր, իսկ տրուած այս բոլոր որոշումները գործադրելէ առաջ կը ստանանք Կեդրոնական դրամատան օրինական բաժանմունքին վաւերացումը», ըսաւ ան:

Սալամէ ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութեան աշխատանքները ֆինանսաւորողը դրամատնային համակարգն է: «Մերժելի են այն յայտարարութիւնները, թէ Կեդրոնական դրամատունը կամ անձամբ ես կը ֆինանսաւորեմ պետութիւնը` երաշխաւորելու համար որոշ վարչակազմի մը պաշտպանութիւնը: Մենք այդ քայլին դիմած ենք, որովհետեւ կը փափաքինք աւելի լաւ Լիբանան մը կերտել», շեշտեց ան:

Սալամէ նկատել տուաւ, որ ամէնէն դիւրին բանը Լիբանանի ելեւմտական քաղաքականութիւնը քննադատելն է: «Շատ կը լսեմ այն մեղադրանքը, թէ ինչո՞ւ չեմ արտօներ պետութեան սնանկացումը: Պետութեան սնանկացումը շատ աւելի մեծ աղէտ է, քան կայունութիւնը պահպանելու համար վճարուած գինը: Ճի՛շդ է, որ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը կայուն պահելը սուղ կ՛արժէ պետութեան համար, սակայն անիկա պետութեան որոշումն է եւ նշուած է նախարարաց խորհուրդներու աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ, իսկ Կեդրոնական դրամատունը համոզուած է այդ որոշումով», ըսաւ Սալամէ:

Ան աւելցուց, որ ինք պատրաստ է ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի ապահովէ լիբանանեան պետութեան շարունակականութիւնը, «որովհետեւ առանց պետութեան երկիրը քաոսի մէջ կը մտնէ, եւ անիկա կործանարար է Լիբանանի համար: Հետեւաբար ես պատրաստ եմ ամէն տեսակի նախաձեռնութեան եւ կ՛ուզեմ, որ լիբանանցին հանգիստ ըլլայ, անոր նիւթական վիճակը բարելաւուի եւ տնտեսութիւնը աշխուժանայ»:

Անդրադառնալով ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 2400 լիբ. ոսկիի հասնելու դրութեան` Սալամէ ըսաւ, որ այդ սակը ճշդուած է լումայափոխներուն մօտ, որոնք երկրին ելեւմտական շուկային տասը առ հարիւրէն աւելի նուազ են, իսկ դրամատուները կը յարգեն ճշդուած 1515-ի սակը:

Ան ընդգծեց, որ Կեդրոնական դրամատունը լումայափոխներուն ամերիկեան տոլար չի տրամադրեր` աւելցնելով, որ իրենք տեղեակ չեն, թէ ո՛վ է լումայափոխներուն մօտ գտնուող ամերիկեան տոլարներէն օգտուողը: «Լումայափոխները լիբանանեան դրամատուներուն մէջ հաշիւներ չունին», ըսաւ ան:

Սալամէ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ «Հերքաթ» գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատունը նման քայլի մը դիմելու իրաւասութիւնը չունի:

«Լիբանանեան դրամանիշին եւ լիբանանեան դրամատնային համակարգին դէմ յարձակումը սկսած է 2015-էն ի վեր եւ այդ արշաւը անմեղ չէ, այլ` մղուած է քաղաքական նպատակներ իրագործելու համար», շեշտեց ան:

Սալամէ նշեց նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատունը «Քափիթըլ քոնթրոլ» կատարելու իրաւունք չունի` աւելցնելով, որ անիկա լիբանանեան տնտեսական համակարգին դիմագիծը փոփոխութեան կ՛ենթարկէ:

Անդրադառնալով «Ժամմալ Թրասթ» դրամատան` Սալամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը «Ժամմալ Թրասթ» դրամատան մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն 90 առ հարիւրին հաշիւները արդէն իսկ փակած է:

Դրամատուներուն դէմ պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սալամէ յայտնեց, որ պէտք է պատժամիջոցներուն ընդառաջել, այլապէս ամբողջ երկիրը պատժամիջոցներու փոթորիկին դիմաց կրնայ գտնուիլ, իսկ լիբանանեան դրամատուները կրնան դիմագրաւել օտար դրամատուներու հետ գործակցելու վտանգը:

Սալամէ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան որդեգրած դրամական քաղաքականութենէն օգտուողը պետութիւնն է եւ երկրին դրամատնային մարզը եւ ոչ թէ ինք` Կեդրոնական դրամատունը:

Սալամէ շեշտեց, որ դրամատուներուն մէջ գտնուող լիբանանցիներուն հաշիւները ապահով են:

Նախորդը

Պատտաուիի Մէջ 14 Բանակայիններ Վիրաւորուեցան, 8 Հոգի` Ձերբակալուած

Յաջորդը

Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը Աւարտեց Սերժ Սարգսեանի Գործով Նախաքննութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?