Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ, խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի, ինչպէս նաեւ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Հաժ Ալի:
Հանդիպումէն ետք սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ներքին լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Իպրահիմ Ամին Սէյիտ հաստատեց, որ արագ կերպով կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ Լիբանանի կացութիւնն ու երկրին դիմագրաւած ներքին քաղաքական տագնապը յաւելեալ նախաձեռնութիւններու եւ իրավիճակը դիւրացնելու կարիք ունին:
«Հետեւաբար պատասխանատուները պէտք է ամէն տեսակի դիւրութիւն մատուցեն, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութիւնը կազմել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ տիրող շրջանային զարգացումները իրենց կարգին կը մղեն բոլորը, որ ամէն զիջում ներկայացնեն կառավարութեան կազմութեան համար:
Սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ իրենք տեղեակ են, որ Լիբանանի բոլոր պատասխանատուները, որոնց մէջ նաեւ նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապը յանձնառու են ամէնէն մօտիկ ապագային կառավարութիւն մը կազմելու: «Բոլորը կը ջանան կազմել կառավարութիւնը եւ անոնք լուրջ են կառավարութեան կազմութեան իմաստով լուծումներ գտնելու», յայտնեց ան:
Սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ հաստատեց, որ Հըզպալլա իր կարգին կը ջանայ օժանդակել, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կազմուի, «որովհետեւ եթէ օր մը օրանց արտօնելի էր, որ կառավարութեան կազմութիւնը ուշանայ, այսօր` այս պայմաններուն մէջ այդ ուշացումը մերժելի է: Մենք կը զօրակցինք որեւէ կառավարութեան, որ կը կազմուի եւ կ՛արժանանայ բոլորին համաձայնութեան: Եթէ կազմուելիք կառավարութիւնը մասնագէտներու կառավարութիւն է, ապա մենք բոլոր դիւրութիւնները կը տրամադրենք, որովհետեւ մեզի համար ամէնէն կարեւորը կառավարութեան կազմութիւնն է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ ընդգծեց, որ քաղաքական նպատակներով անուններու փոփոխութիւն բնաւ չէ կատարուած` նկատել տալով, որ իրենք կը մնան նոյն կեցուածքին վրայ, որն է` կառավարութեան կազմութեան շուրջ համախոհութեան գոյացումը:



