Օմանի սուլթան Քապուս պըն Սայիտի մահուան առիթով Լիբանանի իշխանութեան պետերը խոր կսկիծով գուժեցին անոր մահը:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւակցագիր մը յղեց սուլթան Հայսամ պըն Թարեք Ալ Սայիտին` շեշտելով, որ սուլթան Քապուսի մահը խորապէս յուզած է զինք, որովհետեւ ան կէս դար շարունակ ծառայած է իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի համար եղած է եղբօր նման բարեկամ մը, որ մնայուն կերպով զօրակցած է Լիբանանին, յատկապէս անոր դիմագրաւած դժուար պայմաններուն ընթացքին:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց սուլթան Քապուսի սկզբունքները` պաշտպանելու խաղաղութիւնը եւ հաւատքը` երկխօսութեան ու իմաստուն որոշումներու ճամբով լուծելու բոլոր հարցերը:
Ան հաստատեց, որ սուլթան Քապուս արաբական աշխարհին միասնականութիւնը ամրապնդող անձնաւորութիւն մը եղած է եւ հաւատացած, որ միայն այդ ձեւով կարելի կ՛ըլլայ արաբական երկիրները փրկել տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներէ:
Նախագահ Աուն սուլթան Հայսամին յաջողութիւն մաղթեց` Օմանի ղեկավարման եւ երկրին բարգաւաճման առումով:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ցաւակցագիր մը յղեց սուլթան Հայսամին, ինչպէս նաեւ Օմանի խորհրդարանի նախագահ Խալետ պըն Հիլալ Մաալուլիի` ցաւակցութիւն յայտնելով սուլթան Քապուսի մահուան առիթով:
Պըրրի շեշտեց, որ սուլթան Քապուս Լիբանանին մտերիմ բարեկամ եղած է ամբողջ կեանքին ընթացքին, ինչպէս նաեւ եղած է երկխօսութեան ռահվիրաներէն մէկը, որ իր իմաստութեամբ կառավարած է երկիրը:
Ան իր եւ լիբանանցիներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց սուլթան Հայսամին:
Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի ցաւակցագիր մը յղեց սուլթան Քապուսի մահուան առիթով: Ան շեշտեց, որ սուլթան Քապուսի մահով պատմութիւնը կը կորսնցնէ մեծ անձնաւորութիւն մը, որ իր կեանքը նուիրած է Օմանի եւ օմանցիներուն բարգաւաճման առաքելութեան` երկիրը վերածելով քաղաքակրթութեան եւ արդիականութեան փարոսի մը:
Հարիրի այլ գիրով մը շնորհաւորեց սուլթան Հայսամը` Օմանի ղեկավարումը ստանձնելուն առիթով: Ան իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց սուլթան Հայսամին` մաղթելով, որ Օմանը մնայ կայուն եւ շարունակէ բարգաւաճիլ ու յառաջդիմել:
Նշենք, որ Հարիրի, որ կը գտնուի Փարիզ, նախքան Պէյրութ վերադարձը պիտի ուղղուի Մասքաթ` ցաւակցութիւն յայտնելու սուլթան Քապուսի մահուան առիթով:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան եւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան իրենց կարգին ցաւակցագիրներ յղեցին սուլթան Քապուսի մահուան առիթով` ընդգծելով, որ սուլթան Քապուս մեծ անձնաւորութիւն մը եղած է:



