Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սուրիա կատարած այցելութիւնը շատ կարեւոր էր, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ այցելութիւնը կատարուեցաւ շրջանին մէջ արձանագրուող խիստ կարեւոր զարգացումներուն եւ արտակարգ իրավիճակին զուգահեռ:
Զասիփքին հաստատեց, որ Փութինի Սուրիա կատարած այցելութիւնը կը դրսեւորէ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Փութինի եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի միջեւ մտերմութիւնն ու դաշինքը, որ զօրութեան աղբիւր է:
Զասիփքին նշեց, որ Փութին – Ասատ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան նշեց, որ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ նախագահները անդրադարձած են նաեւ
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի անարգ սպանութեան` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն վտանգաւոր արարք մը գործած է այդ սպանութիւնը գործելով:
Զասիփքին հաստատեց, որ Սիւլէյմանիի սպանութիւնը դատապարտելի արարք է` աւելցնելով, որ ամերիկացիները պատասխանատու են:
«Սիւլէյմանի մեր բարեկամն էր եւ ան իր տեսակին մէջ իւրայատուկ անձ էր, եւ մենք անոր հանդէպ յարգանք ունէինք: Մենք Սիւլէյմանիի հետ գործակցեցանք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ընթացքին, եւ անոր սպանութիւնը մեզի համար ցաւալի է», ընդգծեց Զասիփքին:
Ան նկատել տուաւ, որ ամերիկեան յարձակումին դէմ Իրանի պատասխանը լաւապէս սերտուած էր` դիտել տալով, որ Մոսկուա կը մերժէ շրջանին մէջ նոր պատերազմներ բռնկեցնել, հակառակ անոր որ իրազեկ է, թէ ո՞վ է վտանգի համեմատութիւնը բարձրացնող կողմը:
«Ոմանք միայն Իրանը պատասխանատու կը գտնեն` շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն` մոռնալով, որ Միացեալ Նահանգներն են, որոնք պատասխանատու են լարուածութեան սրացումին», ըսաւ ան:



