Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Ես Պահանջեցի Եւ Առաջարկեցի Մասնագէտներէ Եւ Քաղաքագէտներէ Բաղկացած Կառավարութիւն Մը Կազմել»

January 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին մէջ կացութիւնը բնաւ լաւ չէ, «իսկ Լիբանանի կացութիւնը անդունդն ի վար կը գլորուի` վատէն ուղղուելով դէպի վատագոյնը», ըսաւ ան:

Պըրրի հաստատեց, որ լիբանանեան մակարդակով պահանջուած լուծումը կառավարութեան կազմութիւնն է, եւ անիկա անցեալի փորձառութիւններէն օգտուելով պէտք էր կազմուէր յառաջիկայ 15 օրերուն ընթացքին:

«Ինչո՞ւ է այս ուշացումը, եւ ինչո՞ւ համար կառավարութեան կազմութեան նոր օրէնքներ կը ճշդուին», հարց տուաւ ան: Պըրրի աւելցուց, որ երբեմն կը խօսուի կազմելու մասին կառավարութիւն մը, որուն մէջ նախկին նախարարներ չներառուին, մինչդեռ անակնկալի կը մատնուինք, որովհետեւ կը նշմարենք, որ նախկին նախարարներ ներառուած կ՛ըլլան: «Երբեմն նաեւ կը խօսուի երեսփոխանները նախարար չնշանակելու մասին, ինչո՞ւ այս բոլորը», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ աշխարհի բոլոր կառավարութիւնները խորհրդարանը կ՛արտացոլացնեն: «Երբեմն նաեւ կ՛առաջարկեն կազմել անկախներու կառավարութիւն մը, սակայն արդեօք անկախ ըլլալ կը նշանակէ պատկանելիութիւն չունենա՞լ: Ինչո՞ւ կուսակցութիւններն ու կուսակցականները ներկայացնել իբրեւ «հրէշ»-ներ: Իսկապէս տարօրինակ է այս մօտեցումը, որովհետեւ կուսակցութիւնները արժէքներ եւ կարողութիւններ ունին», շեշտեց ան:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ երբ վարչապետի պաշտօնին համար Սաատ Հարիրիի, Մոհամետ Սաֆատիի, Պահիժ Թապպարայի, Սամիր Խաթիպի եւ Հասսան Տիապի անունները շրջանառութեան մէջ դրուած են, ինք պահանջած է եւ առաջարկած մասնագէտներէ եւ քաղաքագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմել:

«Որեւէ կառավարութեան պարագային կարեւոր է, որ անոր կազմը ներդաշնակ ըլլայ եւ աշխատանքային լաւ ծրագիր ունենայ, մասնաւորաբար նոր կազմուելիք կառավարութիւնը, որ ժամանակ չունի կորսնցնելու, եւ օտար երկիրներու դեսպաններուն իսկ վկայութեամբ, անիկա միայն 15 օր պիտի ունենայ աշխատանքային իր ծրագիրը մշակելու», աւելցուց Պըրրի:

Ան վերահաստատեց, որ նոր կառավարութեան մէջ ժողովրդային շարժումը իր ներկայացուցիչները պէտք է ունենայ` շեշտելով, որ ինք կը զօրակցի վարչապետ Հասսան Տիապին եւ ամէն իմաստով նեցուկ կը կանգնի անոր, որպէսզի ան կազմէ իր կառավարութիւնը:

Պըրրի յայտնեց, որ ինք նախարարի անուն չի ներկայացներ, մինչեւ որ կառավարութեան նոր կազմին անուանացանկը պաշտօնապէս յայտարարուելիք ըլլայ:

Ան ընդգծեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի պարտականութիւնն է ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքներուն հսկել:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ռամփլինկ հաստատեց, որ այս վայրկեանները Լիբանանի համար կարեւոր են` աւելցնելով, որ ինք Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ տնտեսական կացութիւնն ու ամէնէն մօտիկ ապագային նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը յուզող մարտահրաւէրները դիմագրաւել:

Ռամփլինկ ընդգծեց Լիբանանի կողմէ շրջանային տագնապներէն եւ զարգացումներէն ինքզինք զերծ կացուցելու կեցուածքին անհրաժեշտութիւնը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Խուրիի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Իրավիճակը

Յաջորդը

«Ղարաբաղեան Տագնապը Կարեւոր Տեղ Պիտի Ունենայ ԵԱՀԿ-ի Նախագահութեան 2020-ի Օրակարգին Վրայ» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.