Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 13, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ այսօր դատական հարց պիտի յարուցէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին դէմ:

ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարարի պաշտօնակատար Հասան Մըրատ կարեւոր նկատեց, որ Լիբանան վերջ տայ երկրագործական արդիւնաբերութեան ներածումին, որպէսզի երկրին գիւղատնտեսութեան մարզը կարենայ ինքզինք փրկել ներկայ տագնապէն:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ամերիկեան տոլար գտնել լումայափոխներուն եւ ոչ թէ դրամատուներուն մօտ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը ցոյց կու տայ, թէ կազմութեան հոլովոյթը լուրջ դժուարութիւններ եւ արգելքներ կը դիմագրաւէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց մշակելու փրկութեան յստակ ուղեգիծ մը, որ կը սկսի քաղաքական բոլոր ուժերէն բաղկացած կառավարութեան կազմութեամբ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդգծեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան վրէժը պիտի լուծէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց կազմելու փրկութեան կառավարութիւն մը` հեռու անձնական որեւէ շահէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին կողմէ անցեալ շաբաթավերջին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ հիմնական աշխատանքն ու պարտաւորութիւնը նոր կառավարութեան կազմութիւնն է եւ ոչ թէ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը աշխատանքի կոչելը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերը տակաւին չեն լուծուած` հակառակ այն իրողութեան, որ իրենք բոլոր առաջարկները ընդունած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց, որ Պաապտայի մէջ գումարուի հանդիպում մը, որուն մասնակցին քաղաքական բոլոր ուժերը` քննարկելու համար միայն մէկ օրակարգ. «Թէ ինչպէ՛ս պէտք է փրկել Լիբանանի մնացորդացը»:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպայսի հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունն ու անոր կառավարիչը մեղսակից են Լիբանանի վրայ յաւելեալ պատժամիջոցներ պարտադրելու ոճիրին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Քարիմ Ռասի յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական պայքարը հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ պայքարն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ լիբանանեան դրամատնային համակարգը լուրջ վերիվայրումներու մէջ է, իսկ դրամատնային գործառնութիւններուն կը պակսի թափանցիկութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին պարագային արձանագրուելիք որեւէ ուշացում լիբանանցիներուն վրայ պիտի ունենայ իր հետեւանքները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի խորհրդատու Անթուան Քոսթանթին հաստատեց, որ Պասիլ կամ Ազգային ազատ հոսանքը ոչ մէկ նախարար պիտի ունենան վարչապետ Հասսան Տիապի կազմելիք կառավարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Եազիժի Պատրիարք. «Մեր Եկեղեցին Պիտի Շարունակէ Պաշտպանել Արեւելքի Իրաւացի Դատերը»

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?