Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախկին նախարար Ռաէտ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրավիճակը` ներկայութեամբ նախագահ Աունի արաբական երկիրներու հարցերու խորհրդատու Ֆատի Ասալիի:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Էտի Մաալուֆ, որ նախագահ Աունին յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու նախկին երեսփոխան Էտկար Մաալուֆի մահուան Ա. տարելիցին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ պիտի կատարուի շաբաթ, 11 յունուար 2020-ին:
Միւս կողմէ, տեղեկատուական աղբիւրներու համաձայն, նախագահ Աուն հետեւեցաւ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն, որոնց շրջագիծին մէջ ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մասնագէտներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ կազմուած կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը: