Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ Ֆապրիս Շափելը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ գործակցութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Զինուորական ատեանի դատախազներուն մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ գնդապետ-զօրավար Հիւսէյն Ապտալլայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դատական իշխանութեան վերաբերող հարցեր:



