Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ յատուկ պատուիրակ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մախզումի նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Լիբանանը յուզող քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումներուն` աւելցնելով, որ շրջանային զարգացումները վտանգաւոր են եւ Լիբանանի վրայ իրենց հետեւանքները կ՛ունենան:
Մախզումի նշեց, որ անհրաժեշտ նկատուած է շրջանային տագնապներուն լուծումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ազգային փրկութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի կարենայ Լիբանանը դուրս բերել իր դիմագրաւած ապրուստի եւ տնտեսական տագնապէն: