Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի կողմէ Լիբանանի մասին կատարած յայտարարութիւնները լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամտութիւն կը նկատուին:
Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը հաստատ կերպով պիտի ստանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէն` աւելցնելով, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու գծով Հասսան Տիապին զօրակցող քաղաքական ուժերը լրիւ պիտի զօրակցին անոր կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհումին: Հետեւաբար, նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի ստանայ 69 քուէ, այսինքն` այնքան որքան Տիապ ստացած էր` վարչապետ նշանակուելու համար:
Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ խորհրդարանը մինչեւ յունուարի վերջ վաւերացուցած պիտի ըլլայ 2020-ի պետական ամավարկը: