Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Առաջին Տիկինին Ընկերակցութեամբ Մասնակցեցաւ Ս. Անտոնի Տօնին Առիթով Մատուցուած Ս. Պատարագին

January 18, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Ա. տիկին Նատիա Շամի Աունի, երէկ կէսօրէ առաջ մասնակցեցաւ Անտոնեան միաբանութեան կողմէ Ս. Անտոնի տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին:

Հատասի Ս. Անտոն եկեղեցւոյ մէջ Անտոնեան միաբանութեան աբբահայր Մարուն Ապու Ժաուտէ մատուցեց Ս. պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ, երեսփոխաններ Փիեռ Ապու Ասի, Ալեն Աուն, Հիքմաթ Տիպ, նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի, նախկին երեսփոխան Նաժի Ղարիոս, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Թոնի Մանսուր, ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատար գնդապետ Մարուան Սլէյլաթի եւ Հատասի քաղաքապետ Ժորժ Աուն, ինչպէս նաեւ Ս. Անտոնեան միաբանութեան անդամ կղերականներ:

Իր խօսքին մէջ հայր Ապու Ժաուտէ ողջունեց նախագահ Աունն ու Առաջին տիկինը` ուրախութիւն յայտնելով անոնց, որ առիթ ունեցած են Ս. Անտոնի տօնը միասնաբար նշելու Մար Անթոնիոս վանքին մէջ, որ կը նկատուի Լիբանանի ազգային, կրօնական, գիտական եւ հոգեւոր փարոսներէն մէկը:

Ան նշեց, որ հակառակ այս ուրախ տօնին, լիբանանցիներու սրտին մէջ տխրութիւն մը կայ, որովհետեւ անոնք ականատես կ՛ըլլան հայրենիքին փլուզման` փտածութեան կասեցումին մէջ եւ պարկեշտ հայրենիք մը կերտելու իմաստով անկարող ըլլալնուն պատճառով:

Ապու Ժաուտէ հաստատեց, որ լիբանանցիները տակաւին հանրապետութեան նախագահը կը նկատեն իրենց փրկութեան լաստը` ընդգծելով նախագահ Աունի յանդգնութիւնը` փտածութեան դէմ մղուելիք պայքարին առումով:

«Մեծայա՛րգ նախագահ, լիբանանցիները կոչ կ՛ուղղեն քեզի լուծումներ գտնելու, աւազակութեան վերջ մը դնելու եւ իբրեւ բոլորին հայրը` սահմանադրութիւնը պաշտպանելու: Լաւատեղեակ ենք, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէք պահպանելու համար պատգամի երկիր Լիբանանը, անոր բնական հարստութիւններն ու զանոնք վայելելու լիբանանցիներուն իրաւունքը», ըսաւ ան:

Ապու Ժաուտէ աւելցուց, որ լիբանանցի ցուցարարները կը հաւատան, որ Լիբանան օր մը պիտի վերադառնայ իր փառքի օրերուն` ապրելու համար բարօր եւ արժանապատիւ կեանք մը` խաղաղութեան ներքեւ: «Լիբանանցիները կը խնդրեն քեզմէ, որ պաշտպանես նաեւ անոնց իրաւունքը, իրենց ճակտին քրտինքով շահած գումարները, որոնք կը գտնուին դրամատան հաշիւներուն մէջ: Լիբանանցիները կը պահանջեն դադրիլ քաղաքական անձնաւորութիւններուն ձեռքին խաղալիքը ըլլալէ` շահագործուելէ եւ սպառնալիքի ենթարկուելէ», շեշտեց ան:

Ապու Ժաուտէ նկատել տուաւ, որ իրենք կը մաղթէին, որ այսօր շնորհաւորեն նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի ան ըլլայ քաոսէն դէպի կայունութիւն տանող ապահով կամուրջը: «Սակայն ցաւ ի սիրտ, տակաւին կը բացայայտուի մեզի համար, որ քաղաքական անձնաւորութիւններն ու պատասխանատուները կտոր մը պանիրի համար կը վիճին եւ իրենց անձնական շահերը կ՛որոնեն` կարծէք երկիրը ըլլայ շատ լաւ վիճակի մէջ եւ տնտեսական կամ ելեւմտական տագնապէ տառապողի կարգավիճակի մէջ չըլլայ: Մենք սկսած ենք վախնալ լիբանանեան գոյացութեան պարզած վիճակէն, ինչպէս նաեւ բուրգի ամբողջական տապալումէն», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Սաատ Հարիրի Հանդիպումներ Ունեցաւ Բրիտանիոյ, Իտալիոյ Եւ Ճափոնի Դեսպաններուն Հետ

Յաջորդը

Կեդրոնական Դրամատունը Կը Շարունակէ Մնալ Ցուցարարներուն Հիմնական Թիրախը, Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը Տակաւին Արգելքներ Կը Դիմագրաւէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.