Շաբաթ յետմիջօրէին Նըժմէի հրապարակ տանող Կեդրոնական Պէյրութի փողոցը վերածուեցաւ մարտադաշտի` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պարպիրէն, Տորայէն եւ Սեսին հրապարակէն մեկնարկած ժողովրդային խաղաղ քայլարշաւները, որոնց մասնակից քաղաքացիները տարբեր ուղղութիւններով տողանցեցին դէպի խորհրդարան, մերժեցին տիրող տնտեսական պայմանները, դրամատնային համակարգը, նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ իրենց նկատմամբ ներկայ իշխանութիւններուն ցուցաբերած անտարբերութիւնը:
Այս ցոյցին միացան նաեւ Թրիփոլիէն, Աքքարէն եւ կեդրոնական Պեքաայէն քանի մը տասնեակ փոխադրակառքերով ժամանած քաղաքացիներ:
Երբ ցուցարարները հասան խորհրդարանի մուտքին, ցոյցին քաղաքակիրթ եւ խաղաղ բնոյթը վերացաւ եւ վերածուեցաւ բախումներու կեդրոնի, որ ընդարձակուեցաւ մինչեւ Սայֆի եւ Մոհամետ Ամին մզկիթ` այդ շրջանը վերածելով իսկական մարտադաշտի մը:
Կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 4:00-էն մինչեւ կէս գիշեր իրենց դէմքերը փակած ցուցարարները Ներքին ապահովութեան ուժերու վայրագութիւնները զսպող ջոկատը քարկոծեցին:
Ապահովութեան ուժերը թիրախ դարձան նաեւ պայթուցիկով յարձակումի, շրջանին ազդալոյսերու սիւներով, պոկուած ծառերով եւ այլ միջոցներով հարուածներու:
Անոնք իրենց կարգին ցուցարարները փորձեցին ցրուել ջրցան մեքենաներով ջուր բանալով, ինչպէս նաեւ արցունքաբեր կազեր արձակելով անոնց վրայ:
Ուշ գիշերին ապահովութեան ուժերը նաեւ ձգախէժէ փամփուշտներ արձակեցին կարգ մը ցուցարարներու վրայ, ինչպէս նաեւ հրկիզուեցան ցուցարարներուն լարած վրանները, որոնց հրկիզման յանցանքով ամբաստանուեցաւ խորհրդարանի ոստիկանութիւնը, որ իր կարգին հերքեց այդ լուրը:
Այս բախումները աւարտեցան, երբ լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը միջամտեց եւ իր հակակշիռին տակ առաւ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարուեցան մեծ թիւով ձերբակալութիւններ:
Բանակին միջամտութիւնը կատարուեցաւ, երբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Էլիաս Պու Սաապի, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասանի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ, եւ կոչ ուղղեց անոնց պաշտպանելու խաղաղ ցուցարարներուն անվտանգութիւնը, պետական եւ սեփական կառոյցներուն ապահովութիւնը եւ հանդարտութիւնը վերահաստատելու Պէյրութի փողոցներուն մէջ:
Նշենք, որ շաբաթ գիշեր Պէյրութի մէջ ցուցարարներուն զօրակցելու համար, այլ շրջաններու մէջ ցուցարարներ փակեցին Քորնիշ Մազրաան, Մասնաա-Ռաշայա ճամբան, Սայտայի Էլիա հրապարակն ու Սայտայի ծովեզերեայ ճամբան, ինչպէս նաեւ Մընիէի եւ Փալմայի մայրուղիները:
Մարտերուն պատճառով ապահովութեան ուժերուն շարքերուն մէջ արձանագրուեցան 142 վիրաւորներ, որոնցմէ` 7 սպաներ, ինչպէս նաեւ 3 ծանր վիրաւորներ:
Քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ արձանագրուեցան 169 վիրաւորներ, որոնք փոխադրուեցան շրջակայ հիւանդանոցները:
Երէկ առաւօտեան զօր. Աուն այցելեց Հըլու ոստիկանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի եւ Պէյրութի ոստիկանապետ գնդապետ Մոհամետ Այուպիի կողմէ:
Զօր. Աուն ստուգեց ցոյցերուն ընթացքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ գետնի վրայ որդեգրուած քայլերն ու արձակուած հրահանգները:
Զօր. Աուն դրուատեց ապահովութեան ուժերուն աշխատանքը եւ գնահատեց անոնց արհեստավարժ գործելաձեւը` երկրին դիմագրաւած այս զգայուն փուլին ընթացքին:
Ան գնահատեց նաեւ ապահովութեան ուժերուն զոհողութիւնները` պաշտպանելու համար կայունութիւնն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը` ընդգծելով բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը` ի խնդիր կարգ ու կանոնի պահպանումին:
Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Հըլու ոստիկանատուն փոխադրուող ձերբակալեալներու խոշտանգումը ցոյց տուող նկարահանուած տեսանիւթ մը մղեց, որ Օսման պահանջէ հետաքննութիւն բանալ այդ մասին:
Իր կարգին, Ռայա Հասան յայտնեց, որ ինք մնայուն կերպով կը խոստանայ պաշտպանել խաղաղ ցոյցերը, սակայն կը մերժէ եւ դատապարտելի կը գտնէ, որ ցոյցերը վերածուին ապահովութեան ուժերուն եւ պետական ու սեփական կառոյցները յարձակումի թիրախ դարձնելու քայլերու:
17 հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր սկսած ժողովրդային շարժումի բողոքի ցոյցերուն մէջ շաբաթ օրուան բախումները ամէնէն լուրջն էին:
Անոնք կրկնուեցան նաեւ երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին եւ շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:
Ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումները ստացան ճիշդ նոյն բնոյթը` ինչ որ էր օր մը առաջ:
Երեք ժամուան բախումներէն ետք լիբանանեան Կարմիր խաչը յայտարարեց, որ 38 վիրաւորներ, որոնց մէջ նաեւ լրագրողներ եւ արուեստագէտներ, փոխադրուեցան հիւանդանոց:
Կարմիր խաչը յայտարարեց նաեւ, որ տեղւոյն վրայ բուժած է 52 թեթեւօրէն վիրաւորուած պարագաներ:
Երեկոյեան ժամը 8:15-ին լիբանանեան բանակը ցուցարարները հեռացուց բախումներուն վայրէն: Անոնք համախմբուեցան Սամիր Քասիրի պարտէզին մօտ, ապա հարիւրաւոր ցուցարարներ բանակին ընկերակցութեամբ եւ կատարեալ խաղաղութեամբ դարձեալ ուղղուեցան դէպի խորհրդարան տանող փողոցը:
Քանի մը վայրկեան «Խաղաղ, խաղաղ» գոռացող ցուցարարները դարձեալ սկսան քարկոծել խորհրդարանին մուտքը փակած ապահովութեան ուժերը:
Գիշերուան ժամը 9:30-ին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ բախումները դարձեալ բուռն թափ ստացան, որուն պատճառով ապահովութեան ուժերը աւելի մեծ քանակութեամբ արցունքաբեր կազեր արձակեցին ցուցարարներուն ուղղութեամբ` ստիպելով զանոնք հեռանալ:
Ժամը 10:00-ին ցուցարարները հասած էին Սայֆիի մօտակայքը, եւ լիբանանեան բանակը մեծ թիւով հասաւ շրջան եւ հակակշիռի տակ առաւ կացութիւնը:
Գիշերուան ժամը 11:00-ի տեղատարափ անձրեւը պատճառ դարձաւ, որ բոլոր ցուցարարները հեռանան Պէյրութէն, եւ հանդարտութիւնը դարձեալ տիրեց մայրաքաղաքին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին նախարարի պաշտօնակատարներ Էլիաս Պու Սաապ եւ Ռայա Հասան, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կառոյցներուն պետերը:
Ապահովական բնոյթի այս նիստը վերոնշեալ ձեւաչափով պիտի կատարուի, որովհետեւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը մերժէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստ մը գումարելու պահանջին ընդառաջել:
Այս մասին Հարիրիի աղբիւրները «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ 17 հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր Հարիրի կը մերժէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստերուն գումարումը, որովհետեւ ապահովական լուծման չի հաւատար, այլ` քաղաքական, որ կը սկսի նոր կառավարութեան կազմութեամբ:
Նշենք, որ Հարիրի, անդրադառնալով Պէյրութի մէջ տիրող կացութեան, յայտնեց, որ անիկա խենթ եւ կասկածելի տեսարան մըն է, որ ամէն իմաստով դատապարտելի է, որովհետեւ կը վտանգէ քաղաքացիական ապահովութիւնը եւ լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:
Ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն Հարիրի շեշտեց, որ Պէյրութը պիտի չըլլայ խաղաղ ցոյցերուն եւ ժողովրդային շարժումներուն հարուած հասցնելու մայրաքաղաքը:
Ան ընդգծեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի երազը պիտի չհրկիզուի օրինազանցներուն կողմէ: «Ոչ ոքի պիտի արտօնենք Պէյրութը քանդուած տարածքի վերածելու, իսկ ապահովութեան ուժերը հրաւիրուած են սադրիչներէն պաշտպանելու մայրաքաղաքն ու անոր հսկայ դերակատարութիւնը», ըսաւ ան:
Հարիրի ըսաւ, որ ժողովրդային այս փոթորիկը հանդարտեցնելու միակ ձեւը կառավարութեան կազմութիւնն է եւ տնտեսական լուծումներու երաշխաւորումը:
Իր խօսքը ուղղելով Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի ժողովուրդին` Հարիրի նշեց. «Կ՛ըսուի, թէ Թրիփոլիէն եկած երիտասարդները Պէյրութի մէջ բռնարարքներ կը գործեն: Ես քաջ գիտեմ, որ Պէյրութի արժանապատուութիւնը Ռաֆիք Հարիրիի կողմէ ձեզի վստահուած կտակ է, եւ դուք էք անոր պաշտպանը, ինչպէս նաեւ ժողովրդային շարժումին խիղճն ու բարի դէմքը: Զգուշացէ՛ք վատ բարեկամներէն եւ հետեւեցէ՛ք, թէ մայրաքաղաքը քանդողներուն հասցէին ի՛նչ վարկաբեկումներ կ՛արձանագրուին»:
Կառավարութեան կազմութեան առումով վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին այցելեց նախագահական պալատ, ուր երկարատեւ հանդիպում մը ունենալէ ետք նախագահ Աունի հետ` մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:
Ասիկա արդէն իսկ ցուցանիշ էր, որ կառավարութեան կազմութիւնը դարձեալ խոչընդոտներու դիմաց կը գտնուի:
Նախորդ երկու օրերուն ընթացքին Հըզպալլա ամէն ճիգ ի գործ դրած էր, որ Տիապ կառավարութեան թիւը բարձրացնէ 20 նախարարի, սակայն վարչապետը կառչած մնացած էր 18 նախարարէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմելու ընտրանքին:
Պաապտայի հանդիպումէն ետք Տիապ ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Անպաշտօն աղբիւրներ նշեցին, որ Պըրրի-Տիապ հանդիպումը դրական դուրս եկած է:
Նշենք, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ջնջած էր իր մամլոյ ասուլիսը, որ հրաւիրած էր շաբաթ, 18 յունուար 2020-ին, սակայն երէկ յետմիջօրէին շեշտուեցաւ, որ Ֆրենժիէ մամլոյ ասուլիսը պիտի կատարէ վաղը` երեքշաբթի, 21 յունուարին:
Կը նախատեսուի, որ ասուլիսին ընթացքին ան յայտնէ, թէ ինք կառչած կը մնայ նոր կազմուելիք կառավարութեան մաս չկազմելու իր կեցուածքին: