Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաատ Հարիրի. «Այս Աստիճանին Հասած Ենք, Որովհետեւ Լիբանանեան Պետութիւնը Պէտք Եղած Բարեկարգումները Չէ Կատարած»

January 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլը` ընկերակցութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական եւ ելեւմտական զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ «Եուրոպոնտ»-ի հարցով պիտի զբաղի նոր կազմուելիք կառավարութիւնը` աւելցնելով, որ հիմնական քննարկումը կատարուած է երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային մարզին շուրջ:

«Մենք պէտք է անկեղծ ըլլանք ժողովուրդին հետ: Այս աստիճանին հասած ենք, որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը պէտք եղած բարեկարգումները չէ կատարած: Ճիշդ է, որ Կեդրոնական դրամատունն ու այլ դրամատուներ պատասխանատու են այս տագնապին մէկ բաժինին, սակայն հարիրիական քաղաքականութեան դէմ պայքարողներն են, որոնք երկիրը այս վիճակին հասցուցին», ըսաւ Հարիրի:

Երբ Հարիրի լրագրողներուն հետ կը զրուցէր, վրայ հասաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը: Այս առիթով լրագրողները Հարիրիին հարց տուին, թէ Օսմանը պաշտօնազրկելու հաւանականութիւն կա՞յ: Ան պատասխանեց. «Թո՛ղ յանդգնին: Ես պզտի՞կ պատառ եմ»:

Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած միջոցառումները` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հարիրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը:

Երեկոյեան Հարիրի ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն հետեւեալ գրառումով պատասխանեց իր մասին երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտի կատարած յայտարարութեան. «Տնտեսութեան, սպանութեան, խաբեբայութեան եւ գողութեան մէջ հանճար մըն ես: Աւելի լաւ է լուռ մնաս, դուն, որ գողցար, թալանեցիր եւ ընկերոջդ հետ պայթուցիկ նիւթեր ներածեցիր: Ո՛չ մէկ բառ կ՛ուզեմ լսել»:

 

 

Նախորդը

Ռամփլինկ. «Լիբանան Կարիքը Ունի Բարեկարգումներու Գործադրութեան Եւ Կայունութեան Պաշտպանութեան Կառավարութեան»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Սահմանադրական Խորհուրդը Եւ Տըրղամի Հետ Քննարկեց Աքքարի Կարիքները

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.