Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Որպէսզի Ժողովրդային Շարժումը Չփոխէ Իր Հունը

Յունուար 20, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ցոյցերուն ձեւափոխումը խաղաղէն ոչ խաղաղ բնոյթի բանաձեւումով չի սահմանափակուիր միայն: Մինչեւ վերջին օրերուն դրամատուներու կամ վաճառատուներու ցուցափեղկերու քանդումն ու իրաւապահ մարմիններուն ուղղութեամբ զանգուածային քարկոծումները ժողովրդային շարժումը ընդհանրապէս կը յատկանշուէր խաղաղ, քաղաքակիրթ բնոյթի եւ ներկայ յեղափոխութիւններու համար օրինաչափ նկատուող միջոցներու կիրարկումով: Ճամբաներու փակումն էր միայն, որ կը քննադատուէր թէ՛ բանակին եւ թէ՛ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, որոնք քաղաքացիի սահմանադրական իրաւունքի արգելակում կը նկատէին նման արարքներ` ազատ տեղափոխութեան սկզբունքի յստակ խախտում  նկատելով այդ բոլորին մէջ:

Բողոքի գործողութիւնները ներկայիս ունին քանի մը ձեւ եւ ուղղութիւն: Գործադուլի, երթերու, հաւաքներու, հետեւաբար սահմանադրական կարգի յարգումով յատկանշուող գործողութիւններ: Ճամբաներու փակում, ազատ տեղաշարժի արգելակում եւ մայրուղիներու վրայ անիւներու հրկիզում եւ այդ բոլորին միջոցով բնականոն կեանքի սառեցում կամ պետական ու հասարակական կեանքի անդամալուծում: Երրորդը` խուլիկանական աքթերով բնորոշուող յարձակում` պետական հաստատութիւններու, կեդրոնական եւ մասնաւոր դրամատուներու դէմ:

Այս վերջինը ընդհանրապէս շուքի մէջ ձգած է առաջին երկու ուղղութիւնները եւ բախումնային իրավիճակներ ստեղծելով գրաւած ո՛չ միայն տեղական եւ շրջանային, այլ նաեւ միջազգային լրատուադաշտի ուշադրութիւնը:

Քաղաքական գետնի վրայ  կը շարունակուի կառավարութեան կազմութեան առումով նախարարութիւններու թիւի, ստանձնելիք պաշտօններու վերաբերեալ առեւտուրը, եւ անհամաձայնութիւնը կը շարունակէ առկախուած պահել  նշանակման գործընթացը: Վերջին օրերուն արձանագրուող բողոքի յատկապէս գիշերային գործողութիւնները համոզում ստեղծած են արդէն, որ կառավարութեան կազմութեամբ ո՛չ միայն չեն հանգուցալուծուիր աւելի քարացող թնճուկները, այլ  չի հանդարտիր նաեւ փողոցը. յայտնապէս կատղած փողոցը:

Լրատուամիջոցները կ՛ընդգծեն գիշերային բողոքի դէպքերուն հեղինակներուն Լիբանանի տարբեր շրջաններէ եկած ջոկատներու իրողութիւնը: Մարտադաշտի վայրը ուշագրաւ է այս պարագային: Քանդումի գործողութիւնները Համրայի վրայ գործող  դրամատուները, ապա Կեդրոնական դրամատունը թիրախ ընտրելէ ետք հիմա կեդրոնացած են դէպի խորհրդարան  տանող մայր ճանապարհին վրայ եւ այնտեղ կը հանդիպին բնականաբար ներքին ապահովութեան  զսպիչ ուժերուն:

Խորհրդարանի թիրախաւորումը  պարզ կը դարձնէ, որ նման գործողութիւններ հրահրողներուն նպատակը կենցաղայինէն, քաղաքացիականէն, ընկերայինէն աւելի արմատապէս քաղաքական է եւ համակարգ փոխելու համար ծայրայեղ ճնշամիջոցներու կը դիմէ: Մինչ, քաղաքական գործիչներ կը հնչեցնեն խորհրդարանի անդամներու հրաժարման կոչեր` կառավարութենէն ետք լուծարուած տեսնելու համար նաեւ օրէնսդիրը:

Ժողովրդային շարժումին կողմէ հնչած պահանջներուն մէջ կար առաջադրանքներու յաջորդականութիւն: Կառավարութեան հրաժարական, սեղմ, մասնագէտներէ բաղկացած անկախ կառավարութիւն, որուն հիմնական գործառոյթը պիտի ըլլայ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպումը:

Այժմ շրջանցելով առաջադրանքներու երկրորդ կէտի իրականացումը, երրորդ պահանջին ընդառաջ կ՛արձանագրուի մագլցողականութիւն: Կառավարութեան կազմութեան աւանդական քաշքշուքը վառելանիւթի դեր կ՛ունենայ այդ մագլցողականութեան:

Խուլիկանութիւնը այժմ կը բախի իրաւապահ մարմիններու կարելի զսպուածութեան: Վտանգ կայ, անկանխատեսելի հետեւանքներով: Նման ոճի հակացոյց մը` խորհրդարանն ու անոր նախագահութիւնը կարմիր գիծ նկատողներուն կողմէ եթէ շղթայազերծուի, ապա ժողովրդային շարժումի կամ քաղաքացիական համակարգի անցումի սահմանադրական գործընթացները հուն կը փոխեն տեղի տալով բախումնային իրավիճակի:

Եթէ մէկ կողմէ կը պահանջուի կառավարութեան արագ կազմութեան համար քաշքշուքային աւանդական առեւտուրներէ հրաժարումը, միւս կողմէ կը պահանջուի ժողովրդային շարժումին ձեռնարկած կազմակերպութիւններու անյապաղ դատապարտանքը պետական կամ մասնաւոր հաստատութիւններու դէմ կատարուող  յարձակումներուն եւ վայրագութիւններուն: Այլապէս, նման վտանգաւոր ընթացք մը կրնայ հիմնովին փոխել ապահամայնքային համակարգ յառաջացնելու նպատակով եւ բոլոր համայնքներու համախմբուածութեան փաստով  հրապարակ իջած շարժումին հունը եւ երկիրը վերադարձնել միջհամայնքային բախումներու:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Արցախի Պատգամաւորները Պաքուի Մէջ Հայերու Ջարդերը Դատապարտող Յայտարարութիւն Ընդունած Են

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Խօսքը Նորազատականութեան Այսօրուան Ժխորին Մէջ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?