Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 20, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը կոչ ուղղեց ազգային փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը դիւրացնելու եւ արագացնելու` հեռու մնալով վայրագութիւններէ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան պարագային քաղաքական կարգ մը ուժեր կրնան մագլցումներ արձանագրել եւ ճամբաներ փակել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ պատասխանատուն պէտք է նախաձեռնէ այնպիսի լուծումներու, որոնք կ՛արգիլեն փլուզումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամաթ Աֆրամ կոչ ուղղեց կազմելու մասնագէտներու եւ անկախներու կառավարութիւն մը, որ մշակէ տնտեսական փրկութեան ծրագիր մը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժիհատ Սամատ հաստատեց, որ ինք վստահութեան քուէ պիտի չշնորհէ նոր կազմուելիք կառավարութեան:

ԴԵՍՊԱՆ Նասիֆ Հըթթի «Ախպար» օրաթերթին պատասխանելով յայտնեց, որ ինք հարցազրոյց մը ունեցած է ֆրանսացի լրագրող Քրիսթիան Մալարի հետ` առանց իմանալու, թէ ան այդ հարցազրոյցը ի՛նչ լրատուամիջոցի պիտի յանձնէ: «Հետեւաբար հարցազրոյցը ֆրանսացի լրագրողին հետ էր եւ ոչ թէ իսրայէլեան կայանի մը», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան հիմքը կը կազմէ խորհրդատուներուն խորհրդատուները նախարար նշանակելու քայլը: «Ուղղամիտ եղէ՛ք, նախքան բուրգին փուլ գալը», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ հաստատեց, որ կարգ մը խոչընդոտներ կ՛ուշացնեն կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ անոնց լուծումը շուտով կարելի է ապահովել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան պահանջեց հետաքննութիւն բանալ ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ ստորագրուած համաձայնագիրներու գործադրութիւնը ուշացնելու վարչական տնօրինման գծով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան նախագահելու իր իրաւունքէն զիջած է` աւելցնելով, որ երանի բոլորը իմանան Հարիրիի ներկայացուցած արժէքը:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ ոչ ոք այլեւս կարողութիւն ունի լռեցնելու սոված ժողովուրդին յեղափոխութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի անձեռնմխելիութիւնը ամերիկեան անձեռնմխելիութիւն է` աւելցնելով, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը ժողովուրդին պահանջները չի ներկայացներ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտներու դիմաց չի գտնուիր` աւելցնելով, որ կան փոքր մանրամասնութիւններ, որոնք կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշացնեն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ նախորդ իրերայաջորդ կառավարութիւններն են, որոնք Լիբանանը զետեղած են այս հսկայ տագնապին ճամբուն վրայ:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը որոշում տալու կարողութիւն պիտի չունենայ, այլ` պիտի դառնայ ցուցափեղկի դերակատարութիւն ունեցող կառավարութիւն մը:

 

Նախորդը

Համազգային Գրախանութին Կազմակերպութեամբ` Մանուկներու Խուռներամ Բազմութեամբ Թալին Երգեց Ու Խանդավառեց

Յաջորդը

«Լարի» Ցուրտի Ալիքը Սկսած Է Հարուածել Լիբանանը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?