Ուազնի Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը
Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ բարեկարգումներ կատարելու կարեւորութիւնը, որպէսզի Լիբանան կարենայ ելեւմտական միջազգային օժանդակութիւններ ստանալ: Նշենք, որ նախանցեալ գիշեր Ուազնի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցէն` Պրունօ Լը Մարիէն, որ ընդգծեց Լիբանանին...



















