Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդհանուր Զօրաշարժը Պիտի Երկարի Մինչեւ 10 Մայիս. Վարչապետ Տիապ Ռիատ Սալամէէն Կը Խնդրէ Բացատրութիւն Տալ Լիբանանցիներուն` Տիրող Ելեւմտական Կացութեան Մասին

Ապրիլ 27, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի
707-ի, Մահուան Պարագաներունը` 24-ի, Իսկ Բուժուածներունը` 145-ի

Ընդհանուր Զօրաշարժը Պիտի Երկարի Մինչեւ 10 Մայիս. Վարչապետ Տիապ Ռիատ Սալամէէն Կը Խնդրէ Բացատրութիւն Տալ Լիբանանցիներուն` Տիրող Ելեւմտական Կացութեան Մասին

Լիբանանի մէջ «Քորոնա» համաճարակի տարածումի դիմակայումը շարունակելու շրջագիծին մէջ, ուրբաթ կէսօրին Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստը Պաապտայի մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի, նախարարներուն, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցի պետերուն:

Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կառավարութեան յանձնարարեց երկրին մէջ յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժը իր աւարտին հասցնել` հինգ փուլերով, 27 ապրիլէն սկսեալ` հասնելով մինչեւ 8 յունիս:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 707-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 3 նոր վարակուածներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 24 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 145 ուրիշներ` բուժուած:

Նշենք, որ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան շաբաթավերջին այցելեց Պաալպեքի Ժալիլ պաղեստինեան գաղթակայանը, ուր ընդգծեց, որ ընդհանուր զօրաշարժը աստիճանաբար պիտի նուազի` աւելցնելով, որ ընդհանուր զօրաշարժէն ետք կարելի չէ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նախազգուշութիւններուն վերջ տալ:

Ան այցելեց նաեւ Ղպէյրիի քաղաքապետութեան ընկերային-առողջապահական բաժանմունք, ուր հաստատեց, որ ընդհանուր զօրաշարժի փուլի աւարտէն ետք, իրարու հետ շփումի վերադարձով` «Քորոնա» ժահրէն նախազգուշանալու բոլոր միջոցները յաւելեալ խստութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պէտք է գործադրել:

Հասան այցելեց նաեւ Ռայաք-Հաուշ Հալա քաղաքապետարանը, ուր հաստատեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի չզլանայ կառավարական հիւանդանոցները սարքաւորելու եւ անոր նիւթական յատկացումները ապահովելու առումով: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակը հակակշիռի տակ մնալու եւ աւարտելու մասին կարգ մը համալսարաններու հետազօտութիւնները այդքան ալ ճշգրիտ չեն` դիտել տալով, թէ Լիբանանի մէջ ընդհանուր զօրաշարժը տակաւին առկայ է եւ անիկա աստիճանաբար պիտի նուազի` երկրին մէջ սովորական կենցաղի թափը վերադարձնելով:

Կառավարութեան Նիստ

Կառավարութիւնը 24 ապրիլին, կէսօրէ ետք, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ նիստէն ետք յայտնեց, թէ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է ընդհանուր զօրաշարժը երկարաձգել երկու շաբաթով (Ա. եւ Բ. փուլեր), այսինքն` մինչեւ 10 մայիս 2020, որուն ընթացքին կարգ մը մարզեր կը վերսկսին իրենց աշխատանքներուն այնպիսի ձեւով մը, որ անոնք համընկնին «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլող նախազգուշութիւններուն հետ: Ան յայտնեց, որ համախմբումները կը մնան արգիլուած, ինքնաշարժներու զոյգ եւ անզոյգ թիւերուն համաձայն կը շարունակուի երթեւեկը, իսկ օրական դրութեամբ կրակմարի դրութիւնը կը սկսի երեկոյեան ժամը 9:00-ին մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00:

Ապտել Սամատ անդրադարձաւ նաեւ ընդհանուր զօրաշարժի մնացեալ 3 փուլերուն, որոնք պիտի ընթանան հետեւեալ ձեւով. Գ. փուլը կը սկսի 11 մայիս 2020-ին, Դ. փուլը կը սկսի 25 մայիս 2020-ին եւ Ե. փուլը կը սկսի 8 յունիս 2020-ին: Ան շեշտեց, որ նախընտրելի է, որ 65 տարիքը ամբողջացուցած քաղաքայիններ առաջին երեք փուլերուն ընթացքին մնան իրենց բնակարաններուն մէջ եւ միայն շատ անհրաժեշտ պարագաներու դուրս գան իրենց բնակարաններէն:

«Կառավարութիւնը որոշեց նաեւ, որ երրորդ փուլէն ետք անձնական հաստատութիւնները վերաբացուին», ըսաւ ան:

– 27 ապրիլէն սկսեալ աշխատանքի պիտի սկսին Լիբանանի ելեկտրականութեան ընկերութիւնը, Քատիշայի ելեկտրականութեան ընկերութիւնը, ծառայութիւններ մատուցողները, ջուրի հաստատութիւնները, առաքման հաստատութիւնները, անուշավաճառները, պանդոկներն ու փոքր վաճառատուները, ինչպէս նաեւ հանրային փոխադրութեան մարզի ինքնաշարժները:

– 4 մայիսէն սկսեալ աշխատանքի պիտի վերսկսին ճաշարաններն ու սրճարանները, իրենց կարողութեան 30 առ հարիւրով, մանուկներու խաղավայրերը, մարզադաշտերը, վարսայարդարները, ինքնաշարժի մեքանիքի ընկերութիւնները, կերպընկալի արտադրութեան գործարանները, ինչպէս նաեւ շարժակներու արտադրութեան ընկերութիւնները:

– 4 մայիսէն սկսեալ աշխատանքի պիտի վերսկսին մանկամսուրները, որոնք երեք տարեկանէն աւելի փոքր տարիքի երեխաներ կը խնամեն, յատուկ կարիք ունեցող հաստատութիւնները, «Քազինօ տիւ Լիպան»-ը եւ բախտախաղի այլ խանութները` իրենց կարողութեան 70 առ հարիւրով, եւ ինքնաշարժի ընկերութիւնները:

– 25 մայիսէն սկսեալ պետական քննութիւն ունեցող աշակերտները պիտի վերադառնան դպրոց, նաեւ` Լիբանանեան համալսարանի ուսանողներն ու բարձրագոյն ուսման աշակերտները: Առեւտուրի կեդրոնները կը վերաբանան իրենց դռները:

– 8 յունիսէն սկսեալ դպրոց կը վերադառնան բոլոր աշակերտները` 3-6 տարեկան մանկապարտէզի աշակերտները, տարրական ուսման, միջնակարգ եւ երկրորդականի աշակերտները, եկեղեցիներն ու մզկիթները կը վերաբանան իրենց դռները, օդանաւային թռիչքները կը վերսկսին, թատրոններն ու թանգարանները կը վերաբացուին, գիշերային ակումբներն ու գինետուները կը վերսկսին գործել, լողաւազաններն ու ծովափները կը հիւրընկալեն իրենց այցելուները, ինչպէս նաեւ շինարարութեան մարզը կը վերսկսի գործել:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին կառավարութիւնը իր համաձայնութիւնը տուած է կարգ մը առաջարկներու, որոնցմէ են արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմի առաջարկները, յատկապէս` փտածութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ ներքին եւ արտաքին տուրքերու քննչութեան վերաբերեալ:

Միւս կողմէ, նիստին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ ամերիկեան տոլարին դէմ իր արժէքը հետզհետէ աւելի կորսնցնող լիբանանեան դրամանիշին եւ շեշտեց, որ կարելի չէ 30 տարուան սխալները բեռցնել այս կառավարութեան ուսերուն: «Իր կազմութենէն ի վեր այս կառավարութիւնը կ՛աշխատի իրեն դէմ ծառացած հարցերը լուծել, եւ 70 օրուան ընթացքին կրցաւ իրագործել աւելին` քան նախորդ երեք տարիներու կառավարութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նախորդ տասնամեակներուն ընթացքին կատարուած սխալ աշխատանքներուն կուտակումներն ու անոնց հետեւանքները սրբագրելու կարեւորութիւնը` մաղթելով, որ մշակուած ծրագիրներուն գործադրութիւնը սկսի: Ռամատանի առիթով ան շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս իսլամները:

Նշենք, որ վարչապետ Տիապ նիստէն ետք յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի վարուելակերպին մէջ լուրջ անյստակութիւն մը կը նշմարուի` լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին առումով: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը պատճառ կը դառնայ երկրին մէջ արձանագրուած ժխտական հետեւանքներուն, յատկապէս` ընկերային եւ ապրուստի առումով: «Մինչ լիբանանցիներուն դիմագրաւած տագնապները կը բարդանան եւ լիբանանեան դրամանիշը ողբերգական անկում կը կրէ, Կեդրոնական դրամատան դերակատարութիւնը կը դրսեւորուի անկարողութեամբ կամ ընդհանրապէս դերակատարութեան չգոյութեամբ», ըսաւ Տիապ:

Ան կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի` լիբանանցիներուն բացատրութիւն տալու` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատան մէջ մեծ բացթողումներ արձանագրուած են: «Ելեւմտական ռազմավարութիւններն ու աշխատելակերպը, ինչպէս նաեւ ելեւմտական քաղաքականութիւնն ու հաշիւները անյստակ են», ըսաւ Տիապ:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը վճռակամութեամբ պիտի հարուածէ բոլոր անոնք, որոնք յեղաշրջումի կը պատրաստուին` ամերիկեան տոլարի արժէքը բարձրացնելու ընդմէջէն լիբանանցիները անգամ մը եւս կեղեքելով: «Անոնք այս քայլերուն կը դիմեն, որովհետեւ կը փափաքին երկիրը փլուզումի ենթարկել, անոր ապահովական կայունութիւնը խախտել, ինչպէս նաեւ իրենց ուրոյն շահերը պաշտպանել` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերուն հաշուոյն», հաստատեց Տիապ:

Տիապ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ Քուէյթի վարչապետ Սապահ Խալետ Համատ Սապահէն եւ Քաթարի վարչապետ Խալետ պըն Խալիֆա պըն Ապտել Ազիզ Ալ Թանիէն` ռամատանի առիթով: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:

Տիապ շաբաթավերջին այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Ապա Տիապ իր խօսքը փոխանցեց բանակի սպայակոյտին` ընդգծելով լիբանանեան բանակն է ազգային միասնականութիւնը պաշտպանողը եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանողը: «Հայրենիքին ապահովութիւնը թիրախ դարձնել փափաքողներուն փորձերը արգիլելու գրաւը բանակին վստահուած է», ըսաւ ան:

Տիապ այցելեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոն, ուր շեշտեց, որ ժողովուրդին մտայնութեան մէջ պետութիւնը գործնապէս գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պետութեան եւ իշխանութեան շահերուն միջեւ կապերը անջատել:

Նախարար Օհանեան–Գէորգեան Բացակայեցաւ
Կառավարութեան Նիստէն,
Որովհետեւ Անոր Թուականը Կը Զուգադիպէր
Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրուան

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան կառավարութեան փոխանցեց, թէ ինք նախարարաց խորհուրդի նիստէն պիտի բացակայի` նկատի ունենալով, որ անոր գումարումին թուականը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի թուականին:

 

 

 

 

Նախորդը

Ապրիլ 24-ի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Պահանջատիրութիւնը Մեր Ժողովուրդին Համար Լոզունգ Չէ, Այլ Ամէնօրեայ Տագնապ, Ապրում Ու Ձգտում Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

«Պայքարը Պիտի Շարունակենք». Ա. Մաթոսեան

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?