Հայկական երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան հաստատեց, որ Ապրիլ 24-ը միայն հայոց չի վերաբերիր: «Անիկա իրաւունքի յաղթանակն է, ըմբոստացումը եւ Ցեղասպանութեան դատապարտումը: 105 տարի ետք, Հայ դատը տակաւին ողջ կը մնայ աշխարհի բոլոր ազատականներուն խիղճերուն մէջ: Ողջո՛յն նահատակ քաջերուն եւ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւկին, որոնցմէ երկուքը երբ աշխարհի վրայ որեւէ տեղ հանդիպին, կը ստեղծեն նոր Հայաստան մը»:



