Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Չէ Որոշած Ռիատ Սալամէն Պաշտօնազրկել

April 28, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթավերջին բարձրացաւ հսկայ աղմուկ մը` կառավարութեան կողմէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնազրկումի կարելիութիւնը քննարկելու մասին: Աւելի՛ն. ոմանք այդ հարցին անդրադարձան այնպիսի բառամթերքով, որ կարծէք կառավարութիւնը արդէն իսկ Սալամէն պաշտօնազրկելու որոշումը տուած է: Սակայն կայ յստակ իրականութիւն մը, որ կառավարութիւնը նման որոշում չէ տուած, ընդհակառակն` անոր պահանջն է, որ Սալամէ լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնէ ճշգրիտ թիւեր, որոնք կը բնորոշեն երկրին նիւթական բացը, որպէսզի անոր հիման վրայ կառավարութիւնը կարենայ ամբողջացնել ու վաւերացնել տնտեսական բարեկարգումի իր ծրագիրը: Այս պահանջին կողքին կան համաշխարհային երեք ընկերութիւններ, որոնք Կեդրոնական դրամատան մէջ հաշուեքննութիւն պիտի կատարեն:

Կատարուելիք հաշուեքննութեան իրողութիւնը ըստ սովորականին դռները բացաւ լիբանանեան քաղաքական կեցուածքներու պազարին: Հըզպալլա հաստատեց, որ Սալամէն պաշտօնազրկելու որոշումը երկրին քաղաքական իշխանութեան կողմէ կը տրուի, սակայն այդ մասին համախոհութիւն չկայ: Ան ընդվզում յայտնեց այն տարաձայնութիւններէն, որոնք կը փորձեն իրեն` Հըզպալլային վերագրել, Ռիատ Սալամէն պաշտօնազրկելու փորձերը եւ զայն պատասխանատու կը նկատեն անոր հետեւանքներուն:

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ հոսանքն ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը որդեգրեցին նոյն կեցուածքը. անոնք հաստատեցին, որ Ռիատ Սալամէի պաշտօնազրկումն ու զայն երկրին ելեւմտական կացութեան փլուզման միակ պատասխանատուն նկատելը կարմիր գիծ է: Անոնք շեշտեցին, որ նման քայլ կը նշանակէ ո՛չ միայն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը թիրախ դարձնել, այլ նաեւ անոր ներկայացուցած քաղաքական ուժերը: «Հետեւաբար Սալամէի պաշտօնազրկումը երկրին իշխանութեան կողմէ յարձակում մըն է, որուն դիմաց կարելի չէ լուռ մնալ», շեշտեցին Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատասխանատուները:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ընդգծեց իր համաձայնութիւնը Կեդրոնական դրամատան մէջ հաշուեքննութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ միայն այդ հաշուեքննութեամբ պէտք չէ բաւարարուիլ, այլ` նոյն քայլերուն պէտք է դիմել նաեւ այն մարզերուն մէջ, ուր փտածութիւն գոյութիւն ունի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ իրեն համար կարեւոր է փրկել երկրին մէջ տիրող ելեւմտական խոցելի իրավիճակը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր կարգին ընդգծեց, որ իր իսկական պայքարը Ռիատ Սալամէի անձին դէմ չէ, այլ` իրերայաջորդ կառավարութիւններուն հետ անոր որդեգրած ելեւմտական քաղաքականութեան, որ բազմիցս փորձած է սրբագրել եւ բարեփոխել, սակայն չէ յաջողած:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը շեշտեց, թէ իրեն համար կարեւոր է, որ երկրին ելեւմտական քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի, որովհետեւ լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանցիներուն շահերը ամէն բանէ վեր են:

Իրականութեան մէջ, սակայն, մինչ քաղաքական ուժեր այս կեցուածքները կ’արձանագրեն, ամերիկեան տոլարին դէմ լիբանանեան դրամանիշը իր արժէքը կը կորսնցնէ: Փաստօրէն ամերիկեան տոլարին դիմաց 1500 լ. ոսկիի արժէքը վերածուած է 4000 լ. ոսկիի, իսկ սղաճը դարձած է սանձարձակ` յուշելով ելեւմտական տագնապը աւելի եւս վատթարացնելու հաւանականութիւնը:

Կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին նախօրեակին, Ռիատ Սալամէի թղթածրարը տակաւին կը մնայ փշոտ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ Սալամէի անձին անդրադառնալով յայտնեց, որ այդ անձնաւորութեան արժանապատուութիւնը եւ անոր ղեկավարած հաստատութիւնը ուղղակի թիրախ դարձնելը խիստ մերժելի է, մինչ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց այն երեւոյթէն, որ կրօնական հեղինակութիւններ փութան համայնքին անունով պաշտպանել կարգ մը անձնաւորութիւններ, որոնք յանցանքներ գործած են:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Սալամէի նկատմամբ Ամալ շարժումին կեցուածքին մասին կիրակի գիշեր կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ ան հաստատեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնիի կատարած յայտարարութիւնը կը դրսեւորէ Ամալ շարժումի իսկական կեցուածքը:

Պըրրի ընդգծեց, որ անցեալ ուրբաթ օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին Ռիատ Սալամէն պաշտօնազրկելու օրակարգ չէ քննարկուած եւ ո՛չ ալ քուէարկութիւն կատարուած է: «Ինչ որ պատահած է այս հարցին մասին, կարելի է կոչել «բազկերակ շօշափելու» փորձ մը», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է իմանան, որ եթէ Կեդրոնական դրամատուն չըլլայ, ապա դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն գումարները անվերադարձ կը կորսուին:

«Թող բոլորը լաւ իմանան, որ ես ո՛չ Ռիատ Սալամէն կը պաշտպանեմ, ո՛չ ալ այլ անձնաւորութիւններ, այլ` Լիբանանը կը պաշտպանեմ: Պէտք չկայ յիշեցնելու, որ քեփիթըլ քոնթրոլին եւ հերքաթին, ինչպէս նաեւ ելեւմտական քաղաքականութիւններուն դէմ առաջին բողոքողը ես էի, ինչպէս նաեւ կառավարութենէն պահանջեցի տոլարին սակով խաղերը կասեցնել եւ անմիջական միջոցառումներու դիմել` պահպանելու համար գումարները», շեշտեց ան:

Պըրրի շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի փոփոխութեան կարելիութիւնը որեւէ ձեւով չի քննարկուիր, այլ` կատարեալ պատասխանատուութեամբ եւ լրջութեամբ պէտք է մօտենալ հարցին, որպէսզի կարելի ըլլայ տալ այնպիսի որոշումներ, որոնք ճշգրիտ են եւ ոչ թէ ընդվզումներու վրայ հիմնուած:

Պըրրի հաստատեց, որ ինք չի փափաքիր կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտել, այլ կը մաղթէ, որ ան յաջողի` իր փրկարար գործին մէջ, «սակայն պատահածը այն է, որ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը երբեմն կը թուի ինքն իր թշնամին ըլլալ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Ուազնի հաստատած էր, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին Սալամէն պաշտօնազրկելու քուէարկութիւն չէ կատարուած` աւելցնելով, որ ինք նիստին ընթացքին շեշտած էր, թէ այս օրերուն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնազրկումը դիւրին չէ եւ կրնայ երկրին ելեւմտական կացութիւնը աւելի եւս վատթարացնել:

Նշենք, որ Սալամէ վաղը` չորեքշաբթի, 29 ապրիլ 2020-ին լիբանանցիներուն պիտի ներկայացնէ ճշգրիտ թիւերն ու իրականութիւնները` Լիբանանի դիմագրաւած ելեւմտական տագնապալի կացութեան եւ անոր դրդապատճառներուն մասին: Սալամէի խօսքը պիտի ըլլայ պատկերասփռուած:

 

 

Նախորդը

Պղտոր Ջուրի Մէջ Ձուկ Որսացողներուն

Յաջորդը

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Կը Հետեւի Երեւան-Պէյրութ Թռիչքի Ապահովման

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.