Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան երէկ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Ապրիլ 24-ին հայ ժողովուրդը մոմավառութիւն կը կատարէ` յարգելով իր նահատակներուն յիշատակը:
«Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութեան հայ նահատակները սրբադասուած են արդէն: Արդի պատմութեան վկայած առաջին եւ ամէնէն ցնցիչ ցեղասպանութիւնը կը մնայ անպատիժ, եւ Թուրքիա չի ճանչնար իր նախահայրերուն գործած ոճիրները, որոնք մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներ էին, եւ որովհետեւ անպատիժ մնացին` կրկնուեցան նաեւ այլ ժողովուրդներու դէմ», նշեց ան:
Յ. Թերզեան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործողները պատիժէն ու պատասխանատուութիւն ստանձնելէ փախուստ կրնան տալ, սակայն անոնք Աստուծոյ նկատմամբ հաշուետուութենէն եւ արդարութենէն չեն կրնար խուսափիլ:
«Աշխատասէր, հաւատացեալ եւ իր եկեղեցիներով զԱստուած փառաբանող հայ ժողովուրդը իր նահատակները չի մոռնար, եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ մինչեւ արդարութեան իրականացումը, եւ մինչեւ որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը ընդունի, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ իր նախահայրերուն ձեռամբ», ընդգծեց Յ. Թերզեան:
Ան իր խօսքը ուղղելով թուրքին հաստատեց, որ Թուրքիա եւ թրքական իշխանութիւնները պիտի չկարենան ծածկել ճշմարտութիւնը, որովհետեւ մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն աճիւններէն ծնունդ առած են եւ պիտի առնեն միլիոնաւոր հերոսներ, որոնք ճշմարտութեան յաղթանակին դրօշը պիտի պարզեն:



