Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խիստ Մերժելի Է, Որ Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Միջեւ Բախումները Պատճառ Դառնան Քաղաքացիներուն Ընկերային Անվտանգութեան Խախտումին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

April 27, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով յայտնեց, թէ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ բախումներն ու ճակատումները բնական երեւոյթներ են եւ մաս կը կազմեն ժողովրդավարութեան հիմքերուն: «Բայց եւ այնպէս անբնական է եւ խիստ մերժելի, որ քաղաքական անձնաւորութիւններուն միջեւ բախումներն ու ընդհարումները պատճառ դառնան քաղաքացիներուն ընկերային անվտանգութեան խախտումին եւ վտանգ սպառնան անոնց ապրուստին: Այս իրավիճակը կրնայ պատճառել քաոս մը, որ կը խափանէ տնտեսական ու ապրուստի պայմանները բարելաւելու յոյսի ամէն նշոյլ եւ մեզ կ՛ուղղէ դէպի անելանելի իրավիճակ, գիտնալով հանդերձ, որ անելանելի այդ վիճակը մեզմէ շատ հեռու չէ, այլ` շատ մօտ, եւ հաւանաբար մեզ օրեր եւ ժամեր կը բաժնեն այդ իրավիճակէն», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի դիմաց լիբանանեան դրամանիշին կրած անկումը, իրարանցումը, կորսուած վիճակն ու քաոսը կ՛արտացոլացնեն քաղաքական ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն հետեւանքները: «Այս իմաստով կոչ կ՛ուղղենք դատական իշխանութիւններուն եւ անոնց համապատասխան ընդհանուր դատախազութիւններուն` նախաձեռնելու, յանդուգն կերպով կատարելու իրենցմէ ակնկալուած դերակատարութիւնը եւ պահպանելու լիբանանցիներուն ապահովութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ դատական իշխանութիւնները ժողովուրդին անունով կ՛իշխեն:

«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով, կոչ կ՛ուղղեմ քաղաքական ուժերուն` գիտակցելու տիրող վտանգաւոր կացութեան եւ անմիջապէս նախաձեռնելու իրենց վարուելակերպին ու օգտագործած բառամթերքին փոփոխութեան, եւ բարձրանալու պէտք եղած մակարդակին` փրկելու համար երկրին մնացորդացը: Կոչ կ՛ուղղեմ քաղաքական բոլոր ուժերուն` երկրին քաղաքական կեանքը շարունակելու նպատակով պատասխանատու, իմաստուն եւ պատմական կեցուածքներ որդեգրելու` երբ տակաւին ուշ չէ: Պէտք է հրաժարիլ անձնասիրութենէ եւ անձնական նեղլիկ շահերէ, յատկապէս այս ժամանակաշրջանին, երբ կարելի չէ որեւէ տեսակի ատելութիւն կամ վրէժ հանդուրժել, եւ երբ կը դիմագրաւենք «Քորոնա»-ի ճգնաժամն ու կ՛ենթարկուինք առողջապահական կացութիւնը հարուածող լուրջ փոթորիկներու», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան յորդորեց բոլորը` խնայելու իրենք զիրենք եւ ուրիշը, որպէսզի Աստուած ալ իրենց խնայէ: «Այլապէս բուրգը փուլ պիտի գայ, եւ այդ պարագային ոչ ոք կարելի պիտի ըլլայ խնայել, որովհետեւ անիկա բոլորին գլխուն պիտի փլի», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

«Պայքարը Պիտի Շարունակենք». Ա. Մաթոսեան

Յաջորդը

Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Կոչ Ուղղած Է` Հայոց Ցեղասպանութեան Շուրջ Հետաքննութեան Սկսելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.