Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Կը Հասնի 717-ի, Մահուան Պարագաներունը` 24-ի, Իսկ Բուժուածներունը` 145-ի
Լիբանանի կառավարութիւնը կը շարունակէ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իր պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ ծրագրած է եւ պիտի վերսկսի Լիբանան վերադառնալ փափաքող արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի հոլովոյթը:
Այս կը նշանակէ, թէ արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ վերադարձնելու կառավարութեան Բ. փուլը արդէն իսկ ընթացք առած է: Այս նպատակով «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան օդանաւներէն մէկը, որուն մէջ կար նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան անձնակազմը, երէկ ուղղուեցաւ Լառնաքա, ուրկէ Լիբանան վերադառնալ ուզող լիբանանցիները պիտի փոխադրէ Պէյրութ: Լառնաքայէն Լիբանան վերադարձող օդանաւը Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանեց կէսօրուան ժամը 12:30-ին:
Անոր յաջորդեցին Սէուտական Արաբիոյ Տամմամ շրջանէն եկող օդանաւ մը` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
Փարիզէն Լիբանան ժամանեցին նաեւ երկու օդանաւեր` ժամը 6:30-ին եւ 8:30-ին, իսկ գիշերուան ժամը 10:30-ին արտերկրի լիբանանցիներ փոխադրող օդանաւ մը ժամանեց Լակոսէն, ու կէս գիշերին կը նախատեսուէր, որ այլ օդանաւ մը ժամանէ Պրազիլէն:
Պէյրութ ժամանող բոլոր արտերկրի լիբանանցիները ենթարկուեցան «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.» քննութեան եւ փոխադրուեցան իրենց համար նախատեսուած պանդոկները, մինչեւ այդ քննութիւններուն արդիւնքներու ստացումը:
Արտերկրի լիբանանցիները դիմաւորելու այս հոլովոյթը կատարուեցաւ առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական անձնակազմերուն վերահսկողութեամբ:
Նշենք, որ Իրանի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Ապպաս յայտնեց, որ իրանեան պետութիւնը տակաւին համաձայնութիւն չէ տուած Իրանէն Լիբանան ուղղուիլ փափաքող 170 լիբանանցիներու փոխադրութեան պահանջին: Այլ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Իրանէն Լիբանան վերադառնալ փափաքող լիբանանցի քաղաքացիներուն պարագային հիմնական հարցը օդանաւային տոմսի սակն է` նկատի ունենալով, որ իրանեան օդանաւային ընկերութիւնը լիբանանցիներուն առաջարկած էր օդանաւային տոմսը 300 տոլարի վաճառել, իսկ «Միտըլ Իսթ»-ի պարագային օդանաւային տոմսը հասաւ 700 տոլարի, ինչ որ պատճառ դարձած էր, որ Լիբանան վերադառնալ փափաքող 170 քաղաքացիներէն 130-ը մերժեն վերադառնալ:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 717-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 7 նոր պարագաներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 24 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 145 ուրիշներ` բուժուած:
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը բոլորին վրայ կ՛ազդէ, եւ աշխարհի բոլոր երկիրները անկէ կը տառապին` կրելով տնտեսական հետեւանքներ: «Լիբանան բացառութիւն չի նկատուիր, յատկապէս այն իրականութեան համար, որ ան «Քորոնա»-ի ժահրի կանխարգիլման պայքարը սահմանափակ կարողութիւններով կը տանի` համաճարակին կանխող իր տնտեսական եւ ելեւմտական լուրջ տագնապին պատճառով»:
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ յայտնեց, որ, նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող պայմանները, Ե. Միութիւնը որոշեց 168 միլիոն եւրօ տրամադրել Լիբանանին:



