Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Քիւպիչը Տեղեկացուց Լիբանանի Դէմ Գործուած Իսրայէլեան Յարձակումներուն Վտանգին Մասին

April 29, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր.Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն Քիւպիչը տեղեկացուց Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումներուն վտանգին մասին` շեշտելով, որ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեան ոտնձգութիւններ գործել լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:

Նախագահ Աուն նշեց, որ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն վերջինը լիբանանեան օդային տարածքներէն Սուրիոյ դէմ գործուած ռմբակոծումն էր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանին մէջ լիբանանեան քաղաքային ինքնաշարժի մը ռմբակոծումը:

Ան ընդգծեց, որ իսրայէլեան ուժերուն գործած այս մնայուն ոտնձգութիւնները կը միտին հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ բանակին կողմէ հաստատուած ապահովական կայունութիւնը խախտել:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ հիմնական երեք տագնապներ, որոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած են երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային մարզերուն վրայ` բացատրելով, որ անոնցմէ առաջինը սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապն է, որ լիբանանեան պետութեան 30 միլիառ տոլարի նիւթական բաց պատճառած է, երկրորդը «Քորոնա»-ի համաճարակն է, որ լիբանանեան բոլոր մարզերուն վրայ իր վատ անդրադարձը ունեցաւ, եւ հակառակ այդ բոլորին ընդհանուր զօրաշարժի որոշումը կը շարունակուի` կանխարգիլելու համար այդ ժահրին տարածումը: Իսկ երրորդ տագնապը, ըստ նախագահին, երկրին տնտեսական ծանր վիճակն է, որուն լուծման համար կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ եւ կը փորձէ լուծումներ ապահովել` իր վաւերացնելիք տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրին ընդմէջէն:

Նախագահ Աուն Քիւպիչէն պահանջեց այս կեցուածքները փոխանցել ՄԱԿ-ի ընդհանուպ քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի` միջազգային ամպիոններուն մէջ զօրակցելու համար Լիբանանի կեցուածքին, յատկապէս ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան առնչութեամբ, յառաջիկայ 4 մայիսին գումարուելիք Ապահովութեան խորհուրդին նիստին ընթացքին:

Իր կարգին, Քիւպիչ հաստատեց, որ ՄԱԿ կը հետապնդէ Լիբանանին համար կարեւոր բոլոր հարցերը` ընդգծելով անոր պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ լուծել իրեն սպառնացող տագնապները:

Քիւպիչ յայտնեց, որ ինք Կութիերեսի պիտի փոխանցէ նախագահ Աունի դիտողութիւնները` աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու իմաստով Լիբանանի ջանքերը դրուատիքի արժանի են:

Միւս կողմէ, Քիւպիչ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բախումներուն համար, որոնց ընթացքին ոչ-խաղաղ ցուցարարներ բանակին հետ բախումներ ունեցած են եւ, իբրեւ հետեւանք, նահատակուած է լիբանանցի երիտասարդ մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են բանակայիններ եւ ցուցարարներ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է զգուշանան այս իրավիճակէն:

«Այսօր դրամատուները հարուածելու եւ հաշիւներ մաքրելու յարմար պահը չէ, այլ ամբողջ Լիբանանի տարածքին գտնուող աղքատ, անօթի եւ խոցելի վիճակի մէջ եղող ժողովուրդին օժանդակելու յարմար պահն է», գրեց Քիւպիչ:

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Փտածութեան Դէմ Պայքարի Անմիջական Միջոցներ Եւ Այսօր Կը Շարունակէ Քննարկել Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը

Յաջորդը

Թրիփոլին Իր Նահատակը Յանձնեց Հողին. Ամբողջ Օրուան Ընթացքին Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Մէջ Ցուցարարները Քարկոծեցին Լիբանանեան Բանակը, Քանդեցին Ու Հրկիզեցին Զանազան Դրամատուներ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.