Ազգային Ազատ Հոսանք
Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անունով ընկերային ցանցերուն վրայ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ հետեւեալ լուսանկար-պատգամը.
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրն ու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկը կրող այս լուսանկարին վրայ հայերէնով եւ արաբերէնով գրուած է. «Չենք մոռնար Հայ դատը»:
Իսկ արաբերէնով գրուած է. «24 ապրիլ 2020-ը յիշեցնելու եւ արդարութիւնը պահանջելու օր է, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակը յիշատակի եւ շրջանի բոլոր հալածուած ժողովուրդներուն նուիրուած օր»:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Պուրճ Համուտի գրասենեակը Պուրճ Համուտի մէջ զետեղեց պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Աշխարհին խիղճը ցնցող ջարդեր. 105 տարիէ ի վեր հայերը դիմադրեցին մահուան ու գոյատեւեցին»:
Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Այսօր Մար Ժաուրժիոսի նահատակութեան օրն է. ան յոյներուն կողմէ քրիստոնեաներուն դէմ շղթայազերծուած հալածանքներուն նահատակն է: Իսկ վաղը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրն է` սուլթանութեան կողմէ փոքրամասնութիւններուն եւ բազմազանութեան դէմ հալածանքի ճամբուն վրայ ինկած նահատակներուն: Ոճիրը ուրանալ կը նշանակէ յիշողութեան մէջ նահատակներու յիշատակը վառ պահել: Իսկ եթէ տակաւին ոճիրը կը շարունակուի:
Ճանաչումը արդարութեան կէսն է, իսկ յաջորդ կէսը` անկախ գոյութեան իրաւունքն է, այլապէս Արեւելքին մէջ ո՛չ խաղաղութիւն եւ ո՛չ ալ կայունութիւն կարելի է հաստատել»:
Ուիամ Ուահապ
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Զոհերը փոխուած են, իսկ ոճրագործը կը մնայ նոյնը` Էրտողանը, Հայոց ցեղասպանութիւնը գործած թուրքերուն թոռը, որ կը շարունակէ իր նախահայրերուն ուղին` սպանութիւնները շարունակելով Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ արաբական աշխարհին մէջ: Իսկ աշխարհը կը դիտէ այս բոլորը»:
Էմիլ Ռահմէ
Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով, նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ժողովուրդներուն արժանապատուութիւնը միայն նահատակներուն արիւնէն է, որ ծնունդ կ’առնէ… Հայ ժողովուրդին համար գինը շատ սուղ եղաւ, սակայն ան անսահման արժանապատուութեամբ դրսեւորուեցաւ…»:
Սամիր Ժահժահ
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ հանդէս եկաւ պատկերասփռուած ճառով մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը այս տարի պիտի չկատարէ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Սէյֆոյի յիշատակին նուիրուած աւանդական ձեռնարկը` «Քորոնա»-ի համաճարակին պարտադրած պայմաններուն պատճառով:
«Հայ դատը, որ աշխարհի մէջ հետզհետէ յաւելեալ հասկացողութեան եւ կարեկցանքի կ’արժանանայ, միշտ ալ անմար կրակը պիտի մնայ` նկատի ունենալով անոր բովանդակած օրինակները, որոնցմով կը լուսաւորուինք եւ կոչ կ’ուղղենք իւրաքանչիւր իշխանութեան դասեր քաղելու անկէ, որպէսզի նահատակներուն զոհողութիւնները ի դերեւ չգան: Հայ ժողովուրդին զաւակները` կիներով, երեխաներով, այրերով, երիտասարդներով եւ տարեցներով, եղան Օսմանեան կայսրութեան զոհերը` դառնալով հաւատքի, ազատութեան, իրաւունքին եւ արժանապատիւ կեանքի նահատակները: Կսկիծով լեցուն այս յիշատակին առիթով կը խոնարհիմ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին, ասորիներուն եւ քաղդէացիներուն զոհողութիւններուն դիմաց, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատեմ Լիբանանի հայ համայնքին յանձնառութիւնը` թէ՛ Լիբանան հայրենիքին հանդէպ անոր պատկանելիութեան, եւ թէ՛ իր հայկական արմատներուն, պատմութեան ու ազգային աւանդներուն նկատմամբ նախանձախնդրութեան առումով:
Անթուան Փանօ
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «105-ամեակ Հայոց ցեղասպանութեան, որ մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է` օսմանցիներուն կնիքով: Ցեղասպանութիւնը արդարութեան այլակերպում է, օրէնքի գերիշխանութեան խախտում եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելու նպատակով ոճրագործներու ազատութիւն: Հայոց ցեղասպանութիւնը ամօթի կնիք է միջազգային ընտանիքին ճակատին: Անիկա արդարութեան չքացումն է»:
Եաագուպ Սարրաֆ
Նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆ Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով թուիթըրեան իր էջին վրայ գրեց. «Հակառակ ուրացումի քաղաքականութեան, Հայաստան կ’ապրի: Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրն է: Այն օրը, երբ օսմանեան իշխանութիւնները որոշեցին սպաննել հայու հոգին, միտքը եւ դրօշը: Անոնք միայն հայ ժողովուրդը չէ, որ ուզեցին սպաննել, այլ նաեւ ձերբակալեցին հայ մտաւորականները, քաղաքական, մշակութային ու պայքարի ղեկավարները: Օսմանեան իշխանութիւնները միլիոնաւոր մարդիկ ցեղասպանութեան ենթարկեցին, սակայն ձախողեցան, որովհետեւ Հայաստանի հոգին ու սիրտը տակաւին կը տրոփեն ամբողջ աշխարհի տարածքին»:




