Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 22, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն տրամադրուելիք արդարութիւնը կը կայանայ դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան մէջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Հերմելի շրջանին մէջ աւազեայ պատնէշներով փակած է Հաուշ Սէյիտ Ալիէն Սուրիա տանող ապօրինի զոյգ անցքերը, որոնք կ՛օգտագործուէին մաքսանենգումի համար:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպը, որուն հետ քննարկեց կրթական մարզին մէջ որդեգրուած քաղաքականութեան բացթողումները: Ռայի պատրիարքին այցելեցին նաեւ նախկին նախարար Սըժաան Քազզին եւ Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտը, որոնց հետ պատրիարքը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատնան Թրապուլսի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննարկած է Լիբանանի մէջ տիրող ելեւմտական եւ ապրուստի ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան, աղբերու, Լիթանիի գետին եւ երկաթուղիին վերաբերող չինական առաջարկները:

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պիտի որոշէ իր կեցուածքը` Պաապտայի երկխօսութեան հանդիպումին մասնակցելու առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի եւ նախկին երեսփոխան Խալետ Տահեր շաբաթավերջին Հալպա գիւղաքաղաքին մէջ հովանաւորեցին Համմուտ եւ Ղոհպի ընտանիքներուն միջեւ հաշտութիւն մը, որուն ընթացքին Պաարինի կոչ ուղղեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի` մերժելու մասնակցիլ Պաապտայի երկխօսութեան հանդիպումին: «Թող ներկայ իշխանութիւնները ստանձնեն իրենց որոշումներուն պատասխանատուութիւնը», ըսաւ Պաարինի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ շրջանին մէջ կը տիրէ մտահոգիչ կացութիւն, որուն պատճառով լիբանանցիները պէտք է համագործակցին եւ միասնականութեամբ դիմագրաւեն Լիբանանի դէմ ծառացող տնտեսական ու ելեւմտական հարցերը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոժէ Ազար յայտնեց, որ իր յեղափոխութիւնը նախատինքի վրայ հիմնողը քաղաքական հաշիւներ կը մաքրէ եւ ոչ թէ խօսքի ազատութիւնը յարգած կ՛ըլլայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էլի Քէյրուզ պատասխանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար երկու պետութեամբ եւ երկու բանակներով ապրիլ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ եթէ երկրին իշխանութեան եւ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւնը շարունակէ ինչպէս որ է, ապա Լիբանանը պիտի ուղղուի դէպի քանդում:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (22 Յունիս 2020)

Յաջորդը

Ֆայսալ Քարամէ Կոչ Կ՛ուղղէ Պշարրէի Եւ Պքաասաֆրինի Բնակիչներուն Միջեւ Տագնապը Լուծելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?