Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համատ Հասան. «Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Կը Պատրաստուի Յառաջիկայ Աշնան Դիմակայել «Քորոնա»-ի Համաճարակին Բ. Ալիքը»

June 23, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ
1603-
ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1077-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1603-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 16 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 11-ն տեղացիներ են, իսկ 5-ը` արտերկրի լիբանանցիներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1077 ուրիշներ` ապաքինած:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ զբօսաշրջական ընկերութիւններու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Հասան յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակի դէմ պայքարի ազգային շտապը մօտիկ ապագային պիտի հրապարակէ նախազգուշութիւններու ցանկ մը, որ պէտք է որդեգրուի զբօսաշրջիկներուն կողմէ` պաշտպանելու համար երկրին առողջապահական կայունութիւնը` տնտեսական զարգացում իրականացնելու զուգահեռ:

Համատ Հասան հաստատեց, որ դիմակներ կրելը անհրաժեշտութիւն մըն է, որմէ կարելի չէ խուսափիլ: Ան աւելցուց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը,  տեղեկատուութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններուն հետ գործակցաբար,  պէտք է պանդոկներու եւ ճամբորդական գրասենեակներու համար նախազգուշական վարժանիստեր կազմակերպէ աշխատանքային անձնակազմերն ու զբօսաշրջիկները վարակումէն պաշտպանելու նպատակով:

«Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարին մէջ համաշխարհային մակարդակի վրայ Լիբանանի արձանագրած դրական արդիւնքները առիթ կը ստեղծեն զբօսաշրջական ներդրում կատարելու եւ ուղղուելու Լիբանան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք է պատրաստուիլ այդ իրականութեան:

Հասան շեշտեց նաեւ, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ աշնան դիմակայել «Քորոնա»-ի համաճարակին երկրորդ ալիքը, եթէ մօտիկ ապագային անոր պատուաստը կարելի չըլլայ ստեղծել:

Նշենք, որ «Քորոնա»-ի համաճարակի դէմ պայքարի ազգային շտապի պետ հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ, որովհետեւ վարակումը կանխարգիլելու նպատակով որդեգրելի միջոցառումներուն յանձնառու մնալու իմաստով թուլութիւն կայ քաղաքացիներուն կողմէ:

Ասմար շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաները պէտք է անպայման առողջապահական մեկուսացումի ենթարկուին, որպէսզի չվարակեն իրենց շուրջինները:

Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներուն` յանձնառու մնալու որդեգրուած այդ միջոցառումներուն:

Ասմար ընդգծեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանի վերաբացումը բոլորին համար քննութիւն է` աւելցնելով, որ համաճարակի տարածումին եւ այդ միջոցառումներուն յանձնառու չմնալու պարագային պիտի որդեգրուին աւելի խիստ միջոցառումներ, ինչպէս որ է պարագան շատ մը երկիրներու մէջ:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց քաղաքացիներուն կողմէ լիբանանեան պետութեան նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը` դիմագրաւելու համար Լիբանանի դէմ ծառացող տագնապները:

Պու Սաապ յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանան կը գտնուի նոր կացութեան մը դիմաց, որուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւերը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրեն: «Հաւանաբար մենք «Քորոնա»-ի համաճարակի երկրորդ ալիքի մը դէմ յանդիման գտնուինք սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, եւ Լիբանանեան-քանատական հիւանդանոցը, որ առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ դրած էինք, կարելի է օգտագործել, իբրեւ Բ. ծրագիր», յայտնեց Պու Սաապ:

 

Նախորդը

Պըրրի Միքաթիի Հետ Քննարկեց Պաապտայի Երկխօսութեան Հանդիպումին Մասնակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Նախկին Վարչապետները Մերժեցին Ընդառաջել Նախագահ Աունի Յղած Երկխօսութեան Հանդիպումի Հրաւէրին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.